Արխիւ
Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) ատենադպիր Յարութիւն Շանլը շաբաթավերջին հրաժարեցաւ այդ պաշտօնէն։ Յարութիւն Շանլը ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակեց իր հրաժարականը, որու բովանդակութեան մէջ տեղեկացուցած է, որ կը լքէ VADİP-ի ատենադպրի, ինչպէս նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութիւններու գրասենեակի յարակից գործող արարողակարգային կարգադրութիւններու ղեկավարի պաշտօնը։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Աշխարհի վրայ չկայ նիւթական մնայուն իր մը, որ ժամանակի հոսունութեան դիմաց իր արժէքը չի կորսնցներ։ Սակայն այնքան ժամանակ կայ մարդը, մարդկային ստեղծագործ միտքը, կայ նաեւ յիշողութիւնը՝ հզօր եւ մնայուն, այդ ժամանակ մարդ արարածը կ՚ապրի, կ՚արարէ՝ իր կեանքը վերածելով յորդահոս աղբիւրի։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Ստորեւ հրատարակուած յօդուածին հեղինակը՝ Տքթ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան՝ ծանօթ է մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին պատմութեան մասին ունեցած իր բացառիկ հմտութեամբ։ Ան մօտէն ծանօթ է Գանատահայ թեմին, ուր մօտ երեք տարիներ պաշտօնավարած է որպէս առաջնորդական փոխանորդ եւ նաեւ ան հոն ունի ընտանեկան եւ բարեկամական սերտ կապեր։
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Հայաստանի նման երկիրներու մէջ, ուր աղբի վերամշակում գրեթէ չկայ, դժուար է բնապահպանօրէն ճիշդ ապրիլ… սակայն անհնարին չէ։ Հնարը գտած է նաեւ Շողեր Աղաբէկեան։ Անոր ընտանիքին մէջ աղբը հնարաւորինս քիչ տունէն դուրս կը հանեն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ օրակարգին մէջ կարեւորագոյն տեղ զբաղեցուցած հարցը կը վերաբերի Իտլիպ նահանգին։ Վերջին երեք շաբաթներուն ընթացքին տեղի ունեցած խմորումներէն ետք Սուրիոյ կառավարութեան ու անոր մօտիկ դաշնակիցներուն համար խնդիր դրուած էր ռազմական ամէն տեսակի միջոցներու դիմել՝ նպատակ ունենալով Իտլիպը ազատագրել այդ շրջանին մէջ եղող արմատական տարրերէ, որոնց մէկ տոկոսը կը համարուի Անգարայի համար կարեւոր հատուած մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային էութեան մէջ, ինքն իր «Ես»ին դէմ պայքարը ամենամեծն է մղուած բոլոր պայքարներուն նկատմամբ։ Արդարեւ, ամենէն դժուարն է պարտել «Ես»ը, քանի որ ան ներքնապէս կը դիմադրէ արտաքին ամէն ազդեցութեան եւ կ՚ուզէ միշտ յաղթական ելլել այդ պայքարէն եւ երբեք չի նահանջեր եւ զիջողութիւն ցոյց չի տար այդ մասին։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան վերջին օրերուն այցելեց Սուրիա։ Ուղեւորութեան ծիրէն ներս նախարարը առաջին առթիւ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ։ Ազգային առաջնորդարանէն ներս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեանի կողմէ հիւրնկալուեցաւ նախարարը։ Ներկայ էին նաեւ Դամասկոսի մօտ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան եւ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներէն Նորա Արիսեան։
Շաբաթավերջին Արցախի ճակատին վրայ զոհուեցաւ հայ զինուոր մը։ Այսպէս, սեպտեմբերի 22-ին, ժամը 16.00-ի սահմաններուն, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ Ատրպէյճանի զօրքերու կողմէ արձակուած կրակոցին թիրախը դարձաւ Արցախ Յովսէփեան (1998)։
Արմէն Սարգսեան Շամոնի հաւաքին մասնակցեցաւ՝ որպէս գլխաւոր բանախօս:
Հայաստանի նախագահը տեսակցեցաւ համաշխարհային մեծ ընկերութիւններու վարիչներուն հետ:
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան արտահերթ համագումարը։ Արդիւնքին Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ ընտրուեցաւ Արթուր Վանեցեան։
Երեւանի մէջ քաղաքապետական ընտրութիւններ, որոնց մասնակցեցաւ ընտրողներու 43.65 տոկոսը:
Հայկ Մարութեանի յաղթանակը եկաւ ապացուցանել Հայաստանի նոր ղեկավարութեան վայելած ժողովրդական աջակցութիւնը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Դիմագիրք»ի իր էջին վրայ շաբաթավերջին հրապարակեց ուշագրաւ լուսանկար մը։ Այսպէս, սա Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի լուսանկարն էր։ Հայաստանի վարչապետն ու Նորին Սրբութիւնը շաբաթավերջին միասնաբար ուղեւորուեցան Նիւ Եորք։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ գործադիր տնօրէն վերապատուելի Զաւէն Խանճեանի։
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ ազգի միասնականութեան զօրակցման գործին մէջ։
Ֆայնպերկ Սարգսեանի 70-ամեայ յոբելեանը նշուեցաւ նկարիչի անհատական ցուցահանդէսով։ Այսպէս, նկարիչ Ֆայնպերկ Սարգսեանի «Մարիան արեւածաղիկներով», «Մտորում», «Ղարաբաղ», «Իմ ընտանիքը» եւ 51 գունեղ, պայծառ այլ կտաւներ ներկայացուած են անոր անհատական ցուցահանէսին մէջ:
Արթուր Աբրահամ բարեգործական նպատակով մասնակցեցաւ Պերլինի 45-րդ մարաթոնին։ Այսպէս, հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ «Մենք կ՚օգնենք երեխաներուն» կարգախօսին տակ բարեգործական նպատակով մասնակցեցաւ Պերլինի 45-րդ մարաթոնին:
Երեւանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի իրականացուի ժամանակակից արուեստի միջազգային ցուցահանդէս։ Այսպէս, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակին առիթով, աշնան պիտի իրականացուի «Ժամանակակից արուեստի միջազգային ցուցահանդէս. Հայաստան, 2018 - ժամանակակից արուեստի հնչիւններ» խորագրով:
Աշխարհահռչակ երգիչի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ հետեւողական դիտարկումներ:
Այգ Փոթուքեան 2000 թուականէն ի վեր համացանցի միջոցաւ կը խորանայ Շարլ Ազնաւուրի ստեղծագործութիւններուն մէջ:
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 18-րդ գագաթաժողովին ընդառաջ կարեւոր հաւաք:
Պրիւքսելի մէջ 85 երկիրներէ դիւանագէտներ ծանօթացան նախապատրաստական աշխատանքներու արդիւնքին:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ վաղը (կիրակի), առաւօտեան ժամը 10.00-ին, մեներգչուհի Սիպիլ հանդէս պիտի գայ CNN Türk հեռուստակայանէն։ Սիպիլ պիտի ըլլայ հաղորդավար Հաքան Չելիքի հիւրը՝ «Haftasonu keyfi» ծրագրի ընթացքին։
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ղուկաս բառին լատիներէն տառադարձութիւնն է Lucanus կամ Lucius, որ կը նշանակէ «լոյս կրող»։
Ըստ Եւսեբիոսի եւ Հիերոնիմոսի, Ղուկաս ասորի էր Անտիոք քաղաքէն, որովհետեւ իր գրութեանց մէջ այդ տեղանունը շատ գորածած է։ Միւս կողմէ, կ՚ըսուի թէ ան Փիլիպպէէն մակեդոնացի մըն էր։