Եկեղեցական

ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 35-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԻՆ

Երէկ երեկոյեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ՝ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքի գահակալութեան 35-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական ընթրիքին, որ տեղի ունեցաւ «Հիլթըն» պանդոկին մէջ։

ԱՄՆ-Ի ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՎԱՆՔԸ

Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի՝ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւանց եւ աշխատանքի հարցերով տեղակալ Ռայլի Պառնս եւ Իսրայէլի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Պրայն Պըրչ այցելեցին Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքը։

Ս. ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ՝ ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Շաբաթավերջին, Ս. Աւետարանիչներու յիշատակութեան տօնին առթիւ, Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ մատուցեցաւ Ս. Պատարագ՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ SAVE ARMANIA ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Save Armenia» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ գործադիր տնօրէն տքթ. Փոլ Միւրէյի:

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏԻՆ ԿՈՂՄԷ

Տ. Արամ արք. Աթէշեան վերջին օրերուն այցելեց Յունաստանի հիւսիսային շրջանները: Ան հիւրընկալուեցաւ հայր ու որդի Խաչատուր եւ Արի Չոլաքներուն կողմէ։ Նորին Սրբազնութեան քառօրեայ շրջագայութեան ծրագիրը, ըստ էութեան, Թեսաղոնիկէի շրջանին մէջ ընթացաւ:

ԽՈՐԱՆԱՇԱՏ. ԱՆՈՒՆԻ ՄԸ ԵՏԵՒԷՆ…

ՆԱՐԵԿ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

Խորանաշատ անունը առաջին անգամ լսած էի երանաշնորհ Մեսրոպ Սրբազանի (1956-2019) եւ 90-ականներուն, Հայաստանի անկախացումէն ետք տարբեր առիթներով Պոլիս այցելող, ականաւոր հայագէտ փրոֆ. Պարոյր Մուրադեանի (1933-2011) զրոյցներուն ընթացքին։ 

ՖՐԱՆՍԻՍՔԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Ֆրանսիսքեան միաբանութեան կողմէ ուխտաւորներու բազմանդամ խումբ մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ֆրանսիսքեան միաբանութիւնը կապուած է կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ համաքրիստոնէական համբաւ կը վայելէ։

Էջեր