ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ 18-ԻՆ՝ ԴԱՏ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու դատավարութիւնը պիտի շարունակուի սեպտեմբերի 18-ին։ Այսպէս, Հայաստանի Արմաւիրի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան ատեանի դատաւոր Սերժ Ռուշանեան, որ վերանշանակուած է այս թղթածրարը քննելու համար, դատավարութեան համար նշանակեց նոր թուական մը։
Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարի վերականգնման աշխատանքն ու հնագիտական հետազօտութիւնները:
Ամերիկեան CMEP կազմակերպութեան կողմէ պատուիրակութիւն մը այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու դէմ բացուած դատին համար վերստին նշանակուեցաւ դատաւոր Սերժ Ռուշանեան։
Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ, երէկ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութեամբ, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքը հիւրընկալեց CMEP-ի գործադիր տնօրէնին գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու դէմ քրէական վարոյթը դատարան ուղարկելով՝ դատ բացուելուն առիթ դարձած դատախազը հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչ մը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամ վեց սրբազաններու դէմ Հայաստանի մէջ բացուած դատի իրադարձութիւնները կ՚ընթանան հետաքրքրական հունէ մը ներս։ Վեհափառ Հայրապետի եւ վեց սրբազաններու դէմ գործը, ըստ էութեան, քննել չէ համաձայնած նշանակուած երրորդ դատաւորը՝ Վահագն Մելիքեան՝ պատճառաբանելով, որ այդ մէկը իր իրաւասութեան ներքեւ չէ։