Եկեղեցական

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՊԻՏԻ ՉՄՈՌՑՈՒԻ»

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Save Armenia» յուդայա-քրիստոնէական դաշինքի տնօրէն Մաթիաս Փերթուլլան եւ տնօրէններու խորհուրդի անդամներէն տքթ. Ալվետա Քինկը, որ Մարթին Լութեր Քինկի կրտսեր զարմուհին է, քաղաքացիական իրաւունքի պաշտպան եւ քրիստոնէական հաւատքի դեսպան։

ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌԷՆ ԲՈՂՈՔ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը մէկ կողմէ յամառ ջանքեր կը գործադրէ ազգապատկան կալուածներու սեփականութեան իրաւունքին տէր կանգնելու համար, իսկ միւս կողմէ այս բարդ ժամանակաշրջանին կը դիմագրաւէ նաեւ տեղեկատուութեան կամ ապատեղեկատուութեան արշաւներու հետեւանքներ։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԱՐՏԻՆԱԼ ՓԱՐՈԼԻՆԻ ՀԵՏ ՇՕՇԱՓԵՑ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, որ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցած էր Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ, արդէն վերադարձաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԵՑ ՀԱՅ ՌԱԶՄԱԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ՊԱՏԱՆԴՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՄԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եղբայրական հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ, ինչ որ լայն արձագանգ ստեղծեց։ Դէպի Վատիկան ուղեւորութեան շրջանակներէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը երէկ առաւօտ Քաստել Կոնտոլֆոյի Առաքելական պալատին մէջ ընդունուեցաւ Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻՆ ՀԵՏ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս առաւօտ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ։ Հարկ է յիշեցնել, որ մօտաւոր անցեալին, երբ տեղի կ՚ունենար նորընտիր քահանայապետի գահակալութեան արարողութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը ակամայ բացակայած էր։

ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արագածոտնի թեմէն ներս յատկանշական եւ անմոռանալի համախմբման օր մը: Ներքին Բազմաբերդ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնները փայլուն անցան՝ գլխաւորութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռոշեանի - Էֆրիմ Պաղ պարգեւատրուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով:

ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԸ ՊԱԼԱԹԻ Ս. ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Խաչվերացի տօնին առթիւ առանձնայատուկ հոգեւոր ապրումներ զգալի դարձան՝ մանաւանդ Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց արարողութիւններուն։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԻՔԱՅԷԼ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ այցելեց Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանին, որ ներկայիս բանտարկուած է։

Էջեր