ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի ուխտաւորաց խումբը երէկ արդէն աւարտեց՝ հայկական պատմական գաւառներու իր շրջագայութիւնը եւ վերադարձաւ քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպիսկոպոս Պարսամեանի կողմէ կը գլխաւորուի այս ուխտաւորաց խումբը, որու անդամները այսօր, երեկոյեան ժամերուն կը վերադառնան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Արեւելեան թեմին կողմէ կազմակերպուած այս ուխտագնացութիւնը բառին բուն իմաստով անմոռանալի դարձաւ՝ բոլոր մասնակիցներուն տեսակէտէ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպիսկոպո Պարսամեանի կողմէ գլխաւորուած ուխտագնացութեան մասնակցութիւն բերին նաեւ թեմի հոգեւորականաց դասէն զանազան ներկայացուցիչներ։ Ուխտաւորներու այցելութիւնը սկսաւ Պոլիսէն, ուրկէ անոնք անցան դէպի պատմական հայաբնակ գաւառները եւ Անատոլուի իրենց կեցութեան վառ փուլերէն մին բնորոշեց Վանը, ուր Աղթամարի Սուրբ Խաչ՝ այժմ թանգարանի վերածուած երբեմնի եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին պատարագեց Տ. Մեսրոպ եպիսկոպոս Պարսամեան։ Դէպի Վան տարեկան ուխտագնացութիւնը ամերիկահայ հաւատացեալներու յիշողութեան մէջ մնաց անմոռանալի։ Վանի Սուրբ Պատարագէն վերջ, ուխտաւորներու խումբը շարունակեց իր ուղեւորութիւնը։ 

Երէկ, ամերիկահայ ուխտաւորներու ճամբորդութեան Անատոլուի եզրափակիչ փուլը հանդիսացաւ Իսքէնտէրուն քաղաքը։ Աղեքսանդրիկի մէջ անոնք նախ այցելեցին Սուրբ Քառասուն Մանկանց եկեղեցին, ուր իրենց ուղեկցեցաւ Տ. Աւետիս քահանայ Թապաշեան, որ գաւառի համայնքներու հովիւն է։ Երկրաշարժէն լրջօրէն վնասուած այս սրբատեղիին մէջ, ուխտաւորներու ներկայութեամբ ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ։ Բոլորը կատարեցին իրենց աղօթքը՝ մանաւանդ, որ կիսաւեր սրբավայրի մէջ տեղի ունեցած Արեւագալի ժամերգութեան շարականները խոր տպաւորութիւն գործեցին եւ դուռ բացին հոգեւոր անբացատրելի ապրումներու։ 

Սուրբ Քառասուն Մանուկ եկեղեցիէն հրաժեշտ առնելէ վերջ, ուխտաւորները այցելեցին Սուրբ Պետրոսի քարայր-աղօթատեղին, որ համաքրիստոնէական նշանակութիւն ունի։ Այդտեղի մթնոլորտը շնչելէ վերջ, ուխտաւորները ուղղուեցան դէպի Մուսա լերան Վաքըֆլըգիւղը։ Այստեղ եւս Տ. Մեսրոպ եպիսկոպոս Պարսամեանի կողմէ գլխաւորուած ուխտաւորները դիմաւորուեցան Տ. Աւետիս քահանայ Թապաշեանի կողմէ, որ արտասանեց ողջոյնի խօսք մը։ Ներկայ էին ատենապետ Ճեմ Չափարի կողմէ գլխաւորուած ծխական խորհուրդի անդամները, նաեւ գիւղապետ Պերճ Քարթուն։

Վաքըֆլըգիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ աղօթասացութիւն։ Հոգեւոր հովիւը ողջոյնի խօսք մը արտասանեց եւ յանուն գիւղացիներուն շնորհակալութիւն յայտնեց՝ այս պատմական ուխտի այցելութեան համար։ Իր կարգին, Տ. Մեսրոպ եպիսկոպոս Պարսամեանն ալ ընդգծեց, որ առաջին անգամ կ՚այցելէր Վաքըֆլըգիւղ, սակայն, անոր համբաւը արդէն հասած էր մինչեւ Միացեալ Նահանգներ։ Նորին Սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց՝ գիւղի կենդանի կեանքը վկայելու հնարաւորութեան համար։ Ան օրհնեց գիւղացիները եւ շնորհաւորեց բոլորը, որոնք գիւղի մէջ կը մնան եւ կը շարունակեն հայկական իրենց առօրեան։

Կրօնական արարողութեան աւարտին բոլորը համախմբուեցան եկեղեցւոյ յարակից մշակոյթի կեդրոնի սրահին մէջ։ Այստեղ ամերիկահայ ուխտաւորներուն ի պատիւ տեղի ունեցաւ պատուասիրութիւն։ Ներկաներուն համար անմոռանալի համտես մը եղաւ՝ գիւղական աւանդական միրգերը ճաշակելու հնարաւորութիւնը։

Ամերիկահայ ուխտաւորներու խումբը այս առաւօտ արդէն վերադարձաւ քաղաքս, ուր հրաժեշտի հիւրասիրութիւն մը նախատեսուած է Պատրիարքարանի երդիքին տակ՝ ի պատիւ թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ եպիսկոպոս Պարսամեանի եւ բոլոր ուխտաւորներուն։ Խումբը երեկոյեան ժամերուն արդէն կը վերադառնայ ԱՄՆ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2026