Արխիւ
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին վերջին յայտարարութիւնը առաջին հայեացքով կը շրջէ ընթացող աշխարհաքաղաքականութեան կարեւոր մէկ ուղղութիւնը: Խօսքը, անշուշտ, վառելանիւթի ոլորտին մէջ ԱՄՆ-Ռուսաստան համաձայնութեան մասին է՝ հիմք ունենալով երկու երկիրներու ղեկավարներու հեռաձայնային զրոյցը:
Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ ստորագրուիլ երկու տարուան ընթացքին:
Նիկոլ Փաշինեան. «Երեւան Անգարայի եւ Պաքուի հետ կ՚աշխատի՝ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացման նպատակով»:
Թուրքիա եւ Գանատա ամենաբարձր մակարդակի վրայ յայտարարեցին, որ ռազմավարական գործընկերութեան կը սկսին։
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հիւրընկալեց Գանատայի վարչապետ Մարք Քառնին, որ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց՝ Կիպրոսի երբեմնի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան շրջանաւարտուհիներէն, յայտնի համայնքային գործիչ Շնորհիկ Ալթունը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան։
Իտալիայէն՝ Նափոլիի թեմէն կաթոլիկ հոգեւորականներու այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Վեհափառը հիւրերու հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ անդրադարձաւ երիտասարդ եկեղեցականներու պատրաստութեան:
Արմաւիրի մարզի Առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին անառարկելի վճիռը:
Արման Սարոյեան պիտի չկարողանայ վերահաստատուիլ Մասեացոտնի թեմակալ առաջնորդի պաշտօնին մէջ:
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Վերջերս, Նիւ Եորք այցելութեանս ընթացքին, մօտիկ բարեկամ մը ինծի լուր տուաւ, որ Շահանը ծանր հիւանդ է եւ հիւանդանոց փոխադրուած։ Այս լուրը լսելով՝ սիրտս ծանրացաւ։ Առանց յապաղելու գացի այցելելու իրեն՝ իմ սիրելի, հարազատ եւ խորապէս յարգելի Շահանին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Արթնութիւնը քանդիչ գործընթաց մըն է։ Ան աւելի լաւ կամ աւելի երջանիկ ըլլալու հետ ո՛չ մէկ կապ ունի։ Արթնութիւնը անիրականին փլուզումն է։ Ան կեղծութեան ներքին երեսը տեսնելն է։ Ան ամբողջական վերացումն է այն բոլորի, ինչ որ մենք ճիշդ ըլլալ կը պատկերացնէինք»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երբ միտքը հաւաքելէ ետք հնարաւոր փորձառութիւնները եւ ծանօթութիւնները՝ ինչպէս ըսուած է մեծ հանճարի մը վերաբերումով, տրամախոհութիւնը կը լծորդուի զգայութեան հետ, ուղեղն ալ կը զուգաւորի սիրտին հետ։ Ա՛լ այնուհետեւ ամէն բան յստակ կը դառնայ, կը համախմբուի եւ կը ներդաշնակուի մարդուն ներսը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդ արարածը միշտ ալ հաւատացած է (եւ կամ փորձած է հաւատալ) այն կարծիքին, թէ «սխալիլը մարդկային է»։ Այս պարզ խօսքը իր մէջ ունի թէ՛ դրական եւ թէ բացասական որոշ կողմեր։ Դրական կողմը այն է, որ այս հաստատումով մարդ իր սխալական ըլլալը կ՚ընդունի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի մեկնի Իտալիա։ Կը տեղականանք, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրուած է մասնակցութիւն բերելու՝ «Սուրբ Էճիտիօ» կաթողիկէ աշխարհատարած համայնքի հերթական համագումարին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Աշխարհակարգի փոփոխութեան այժմու պահը կը բնորոշուի շատ ուշագրաւ իրադարձութիւններով։ Պատմութեան ընդհանուր հոլովոյթին մէջ, պետութիւններու միջեւ մեծ պատերազմներով կ՚ուղղորդուէին աշխարհակարգի փոփոխութիւնները։ Այսօր կարծես երեւոյթը քիչ մը աւելի տարբեր դարձած է. ներքին պատերազմներով ալ կ՚ուղղորդուի կամ կը զուգորդուի աշխարհակարգի փոփոխութիւնը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պատերազմներու կրակին մէջէն՝ աշխարհի ամենահզօր ղեկավարներու հարցազրոյցներուն՝ իր անունը միջազգային լրագրութեան պատմութեան մէջ արձանագրած աշխարհահռչակ լրագրող Քրիստիան Ամանփուր 2027 թուականի յունիսին հրաժեշտ պիտի տայ հեռուստաընկերութեան, որուն հետ կապուած է իր մասնագիտական կեանքին մեծ մասը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք մտածումներու փունջ մը պատմութիւն հասկացողութեան մասին:
* Գարեգին Ա. Քեսապցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը գրէ.
- Մեր ժողովուրդը կարիք ունի իր պատմութիւնը, իր հաւաքական ինքնակենսագրութիւնը ճիշդ ըմբռնելու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ո՛վ ծոյլ, մրջիւնին գնա՛, անոր ճամբաները տես եւ իմաստուն եղիր». (ԱՌԱԿ. 26)։
Սողոմոն Իմաստուն ծոյլը կը խրատէ, որ մրջիւնին երթայ, որպէսզի անկէ իմաստութիւն, կարգ եւ կանոն, կարգապահութիւն, աշխատասիրութիւն, անվհատութիւն, զիրար յարգել եւ տակաւին ուրիշ շա՜տ բաներ սորվի՝ որ ընդհանրապէս կը պակսին իրմէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իւրաքանչիւրս ունինք ապրելակերպ մը, որ իր ամբողջութեան մէջ հայելին է մեր դաստիարակութեան, միջավայրին եւ բնաւորութեան եւ այդ մէկը ինչքան ալ բնական թուի մեզի համար, կրնայ ուրիշին համար տարօրինակ թուիլ։
Ֆրանսա ռազմավարական նշանակութիւն կու տայ Արաբական ծոցի երկիրներուն հետ գործակցութեան:
Նախագահ Մաքրոնի շրջագայութեան արդիւնքով հեռանկարներ կ՚ուրուագծուին յաւելեալ մատակարարումներու համար:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Դաւիթ Մուրատեան: Բօթը շատ լայն արձագանգ ստեղծած է՝ մանաւանդ, որ Դաւիթ Մուրատեան տասնամեակներէ ի վեր անփոխարինելի նպաստ մը բերած էր հայկական մշակոյթին:
Ցաւով տեղեկացանք, որ Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ մամուլի երէց սերունդի կաղնիներէն մին. ոչ եւս է Օշին Քէշիշեան: Այս վերջինը երկար տարիներ եղած էր հրատարկիչն ու գլխաւոր խմբագիրը՝ անգլիատառ «The Armenian Mirror Spectator» թերթին:
ԱՄՆ միշտ հետամուտ միջնորդի դերին. Սթիւ Ուիթքոֆ արդէն իններորդ անգամ այցելեց Ռուսաստան:
Վլատիմիր Փութինի հետ տեղի ունեցած երէկուան բանակցութիւնները որակուեցան արդիւնաւէտ ու բովանդակալից: