ՊՈՒՍԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ այս առաւօտ հանդիպում մը ունեցան Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ։ Անոնք կը մասնակցէին Ասիա-Խաղաղական ովկիանոսեան տնտեսական համագործակցութեան գագաթաժողովին, որ կազմակերպուած է Հարաւային Քորէայի տանտիրութեամբ։ Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւեց հանդիպումը, որու առթիւ հաղոր-դըւեցաւ, որ Ուաշինկթըն եւ Փեքին բնականոն կը համարեն իրենց առկայ տարաձայնութիւնները։ Երկու ղեկավարները երկխօսութեան ուղղեալ դրական պատգամներ տուին՝ տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի նիւթերուն շուրջ։
Միջազգային վառ ուշադրութեան մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ նախագահներուն հանդիպումը։ Անոնք համաձայնեցան, որպէսզի մեղմացնեն առեւտրային մրցակցութեամբ պայմանաւորուած լարուածութիւնը։
Թրամփ եւ Ծինփինկ շօշափեցին նաեւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը։ Չինաստանի ղեկավարը պատրաստակամութիւն յայտնեց նպաստելու համար այս հարցի կարգաւորման։