Թրքահայ կեանք

ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

24.08.2026 Երկուշաբթի օր կայացած Թրքահայ Վաքըֆներու «ERVAB» ժողովի ընթացքին Հիմնարկիս մասին եղած լրատուութեան առթիւ մեր պատասխանը.
*
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արքեպս. Մաշալեանի եւ Տիար Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորած նիստին առաջին անգամ հրաւիրուած էին մամլոյ ներկայացուցիչները, մեր համայնքային հաստատութիւններու ատենապետները։ 

ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳ

Երէկ երեկոյեան, Գնալըի բարձունքին տեղի ունեցաւ համակրելի մեներգիչ Պարթեւի համերգը, որ մեծ ոգեւորութեան մը թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս ստեղծուեցաւ բացառիկ բարձր տրամադրութիւն։

DUYURU

24 Ağustos 2026 günü yapılan ERVAB toplantısında, Başkan Sayın Bedros Şirinoğlu tarafından kurumumuza yönelik yapılan, vakfımızın 43 adet mülke sahip olduğu, bu durumdan kendisinin haberdar olmadığı yönündeki açıklamaları ve buna devamen sosyal medya hesapları üzerinden bilinçli veya bilinçaltından kaynaklı üretilen yanlış algı ve ithamlara ilişkin kamuoyunu doğru bilgilendirme ihtiyacı doğmuştur.

ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳԻՐԸ ՀԱՍԱՒ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ

Երէկ, Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ՝ երեք-հինգ տարեկան փոքրիկներու այս եղանակի վերջին հանդիպումը, որու ընթացքին Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան հայրական գուրգուրանքով հրաժեշտ տուաւ անոնց՝ այժմէն ժամադրուելով յաջորդ եղանակին համար:

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼ ԿԻՒԼԻ ՀԵՏ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ՝ 28-Ը ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ

Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլ յառաջիկայ սեպտեմբերի 28-ին պիտի ընդունի թրքահայ վարժարաններու ներկայացուցիչները։ ERVAB-ի երէկուան ժողովին ընթացքին այս մասին մանրամասնութիւններ հրապարակեց՝ ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու։

ERVAB ԱՅՍՕՐ ԺՈՂՈՎ ՄԸ ԿԸ ԳՈՒՄԱՐԷ Ս. ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ

Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այսօր ժողով մը կը գումարէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Նիստը նախատեսուած է յետմիջօրէի ժամերուն՝ գլխաւորութեամբ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի, որ ի պաշտօնէ ղեկավարն է նաեւ ERVAB-ի։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս Մաշալեան կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

ՓՈՔՐԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԷ ՆԵՐՍ ՀԻՒՐԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿՈՎ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՍԱՀՄԱՆՈՒԱԾ ԱՐԳԵԼՔԸ՝ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ԿԸ ՄՆԱՅ ՀՐԱՏԱՊ ՕՐԱԿԱՐԳ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այս շրջանին հրատապ օրակարգ դարձած է՝ իշխանութիւններուն կողմէ փոքրամասնական համայնքային վարժարաններէ ներս հիւր աշակերտներու պարագային սահմանուած արգելքը։

Էջեր