ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց՝ Վաքըֆլըգիւղի հայրենակցական միութեան վարչայիններէն Միսաք Սիլահլըն եւ Թամար Քարթուն-Ինթիպան։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Վազգէն Ծ. Վրդ. Քարայեանը, որ արձակուրդի առթիւ կը գտնուի քաղաքիս մէջ, ուր կը շփուի նաեւ իր ազգականական շրջանակին հետ։
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ հիւրընկալեց յայտնի իլիւսթրաթէօր Ռոպին Եայլան, որ վարժարանին նուիրեց իր երկու գործերը։ 
Շաբաթավերջին, Թոփգաբուի ընտանիքը համայնքային շրջանակները հիւրընկալեց՝ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ամրակայուած շէնքի պաշտօնական բացման արարողութեան առթիւ, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Երէկ, Խաչվերացի տօնին առթիւ Սկիւտարի բարձունքին տեղի ունեցան աւանդական կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնք համախմբեցին թրքահայ ազգային-եկեղեցական շրջանակները։
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը շաբաթավերջին բացաւ նոր եղանակը։ 2025-2026 շրջանը երգչախումբի անդամները ողջունեցին բարձր տրամադրութեամբ եւ արձակուրդի շրջանէ վերջ զիրար վերագտնելու խանդավառութեամբ։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը 2025-2026 կրթական շրջանը դիմաւորեց խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ առաջին զանգը հնչեց հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։
Համայնքային շրջանակները այս շաբաթավերջին ուրախակից են մեր ծանօթ եւ համակրելի ազգայիններէն Ազնիւ Մեծատուրեանին, որ ծառայասիրութեան, նուիրումի եւ հետեւողակա-նութեան կերպար մը կը մարմնաւորէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Արդարեւ, Ազնիւ Մեծատուրեան այսօր կը դառնայ 70 տարեկան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ այս օրերուն քաղաքիս մէջ կը գտնուի հայկական գիտական աշխարհի վառ ներկայացուցիչներէն փրոֆ. Ալպերթ Խառատեան, որ Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի Պատմութեան կաճառի սիւներէն մին է։