ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՄՐՑՈՅԹ
Պէզճեան Մայր վարժարանը նախընթաց օր հիւրընկալեց STEM մրցոյթը, որու նպատակն է աշակերտներուն ուղեկից դառնալ զանազան հարցերու լուծման ճանապարհին ընդունակութիւններ ձեռք բերելու առումով։
Պէզճեան Մայր վարժարանը նախընթաց օր հիւրընկալեց STEM մրցոյթը, որու նպատակն է աշակերտներուն ուղեկից դառնալ զանազան հարցերու լուծման ճանապարհին ընդունակութիւններ ձեռք բերելու առումով։
Կեդրոնական վարժարանի մեծ ընտանիքը 2025-2026 կրթական շրջանի աւարտին կազմակերպեց իր աւանդական պտոյտը։ Ղալաթիոյ խնամակալութեան, վարժարանի տնօրէնութեան եւ ծնողաց միութեան համագործակցութեամբ կազմակերպուած այս պտոյտը տարիներէ ի վեր առիթ կը դառնայ մեծ խանդավառութեան։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ չորրորդ դասարանի աշակերտներու շրջանաւարտութեան հանդէսը, որով ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Տղաքը յաջողութեամբ գործադրեցին օրուան յայտագիրը՝ ծափահարութիւններու արժանանալով իրենց ելոյթներով։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի 8-րդ դասարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան: Համանուն սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ գործադրուեցաւ յայտագիրը:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը անցաւ շատ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ: Անցեալ շաբթուան մէջ, թաղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որով ստեղծուեցաւ տօնական տրամադրութիւն:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Անցեալ շաբաթավերջին, դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի զոյգ դասարաններու տարեվերջի հանդէսը, որով տղաքը արդէն իրենց կրթական կեանքի առաջին շրջանը աւարտեցին՝ իրաւունք շահած ըլլալով յաջորդ քայլափոխին նախակրթարան սկսելու համար։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները վերջերս միասնաբար ձեռնարկեցին ճամբորդութեան մը: Աւարտական դասարանի տղոց տեսակէտէ բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ այս ծրագիրը՝ քանի իրարմէ եւ իրենց սիրելի դպրոցէն հրաժեշտ առնելէ առաջ անոնք առիթն ունեցան խտացեալ ձեւով շփուելու:
Երէկ, համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր՝ հոգելոյս բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլի եւ կողակցին՝ Նատիա Կիւլմէզկիլի մահուան տարելինցերուն վրայ: Ծանօթ է, որ ճիշդ տարի մը առաջ Տիգրան Կիւլմէզկիլ անակնկալօրէն մահկանացուն կնքած էր՝ խոր ցաւ պատճառելով համայնքային շրջանակներուն:
Միջմիութենական «Ռուբէն Սեմէրճեան» պասքեթպոլի այս տարուայ ախոյանը հանդիսացաւ Պաքըրգիւղի Տատեան սանուց միութեան խումբը:
Պոլսահայ մարզական կեանքի առանցքային իրադարձութիւններէն մին է այս մրցաշարքը, որ արդէն 33-րդ անգամ տեղի ունեցաւ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի երեք շրջանաւարտուհիներ իրաւունք շահած են յառաջիկայ տարի իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակելու Իտալիոյ մէջ: Այս երեք շրջանաւարտուհիներու յաջողութիւնը Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին մեծ ուրախութիւն պատճառած է: