ՎԱՂԸ ԴԷՊԻ ՄՈՒՍԱ ԼԵՌ
Վաղը, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան պիտի մեկնի դէպի Վաքըֆլըգիւղ: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ համայնքէն ներս, Պատրիարքական Աթոռի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած է ուխտագնացութիւն մը՝ դէպի Վաքըֆլըգիւղ:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս ամբողջ թափով կը շարունակուին՝ շաբաթավերջին Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարի պատրաստութիւնները: Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին՝ արդէն ընթացքի մէջ է ուխտի շաբաթը, որու շրջանակներէն ներս, երէկ երեկոյեան, շատ յատկանշական հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ կղզիի բարձունքին:
Գնալը կղզիի յունաց պատմական վանքը այս տարի եւս ամրան շրջանին կը հիւրընկալէ թրքահայ մանուկներ եւ պատանիներ:
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ՝ Հայաստանէն ժողովրդական մեներգչուհի Աննա Սառա Պօղոսեանի համերգը, որ բացառիկ խանդավառութեան առիթ դարձաւ:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարին ընդառաջ, ամբողջ թափով կը շարունակուի ուխտի շաբթուան ծրագիրը:
Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարին ընդառաջ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս արդէն ընթացքի մէջ է ուխտի շաբաթը, որու նախընթացը ձեւաւորուած է վերջին տարիներուն:
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի լողաւազանի համալիրէն ներս, Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ընթրիք մը, որ անցաւ բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ:
Շաբաթավերջին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց թրքահայ այն երիտասարդները, որոնք այս տարուայ համալսարանի մտից քննութիւններուն արձանագրած են բացառիկ յաջողութիւն: Այսպէս, թիւով 12 յաջող երիտասարդները Գումգաբու փութացին՝ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու համար, արժանացան նաեւ անոր բարձր գնահատանքին:
Երէկ առաւօտ, Գնալը կղզիի «Ճաշ» զբօսարանին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշ մը, որ կազմակերպուած էր Կեդրոնական սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ: Շուրջ 130 հոգի համախմբուեցաւ նախաճաշի սեղաններուն շուրջ՝ բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ:
Այս շաբաթավերջին համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ վրայ, որու հիմնադրութեան 250-ամեայ յոբելեանը կը նշուի: Յոբելենական այս շրջանին, Վոսփորի Ասիական ափի այս գողտրիկ սրբավայրը ի հիմանէ վերանորոգուած, ամբողջութեամբ բարեզարդուած է՝ տեղւոյն թաղային խորհուրդի ջանքերով: