Թրքահայ կեանք

ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ «ՈՒՍՈՒՑԻՉԷ ՈՒՍՈՒՑԻՉ» ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԱՇԽԱՏԱԺՈՂՈՎ

Շաբաթավերջին, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր աշխատաժողով մը, որ առիթ հանդիսացաւ թրքահայ կրթադաստիարակչական օրակարգի զանազան երեսակներու քննարկման։ Կրթական մշակներու մեծ հաւաք մըն էր այս մէկը։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը շաբաթավերջին կեդրոնացած էր Սամաթիոյ վրայ, ուր սարքուեցաւ 2025-2026 շրջանի առաջի սիրոյ սեղանը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ Վարագայ Ս. Խաչի տօնի շաբաթավերջին տեղի ունեցան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնն ու թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանին ի նպաստ հերթական հանգանակութիւնը։

ԳՐՔՈՅԿ ՄԸ ԹԱՔՍԻՄԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍԻՆ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան նախընթաց օր այցելեց խմբագրատունս ու մեզի նուիրեց Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ վերաօծման ու պաշտամունքի վերաբացման առթիւ անցեալ գարնան տեղի ունեցած արարողութիւններուն շուրջ պատրաստուած ալպոմ-գրքոյկը։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ԱՐԱ ԽԶՄԱԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Երէկ, Երեւանի Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան այցելեց Պատրիարքարան։ Ան Իսթանպուլի մէջ կարճ կեցութիւնը առիթ համարած էր այցելելու համար Գումգաբու, ուր իրեն ընկերացան՝ Տաթեւիկ Մուրատեան եւ Սօնա Բալոյեան։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեանը, որուն կ՚ընկերանային Սահակեան-Նունեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Գարին Չաղլըուզուն եւ ուսուցչական կազմէն Լիանա Պենլի։

ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ ՄԸ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ

Երէկ, խմբագրատունս այցելեցին՝ իսթանպուլահայ սանուց միութիւններու համակարգման յանձնախումբի ներկայացուցիչներէն Գէորգ Պիւյիւքսիմքէշեանն ու Շուշան Սվասլըօղլուն։

ԹԱՔՍԻՄԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՒ ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 130-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐՈՒՆ ԱՌԹԻՒ ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳՐԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ

Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ եւ յարակից Էսաեան վարժարանի հիմնադրութեան 130-րդ տարեդարձները երէկ բացառիկ խանդավառութեամբ համակած էին Պէյօղլուի ընտանիքը։ Այս զոյգ յոբելեաններուն առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ 

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՒԱՔ

Թոփգաբուի ընտանիքը շաբաթավերջին բացառիկ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։ Դպրոցը, որ 205-րդ անգամ իր դռները բացած է այս կրթական շրջանին, հիւրընկալեց զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները։

Էջեր