Լրահոս

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ՍԿԻԶԲ Կ՚ԱՌՆԷ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիա եւ Գանատա ամենաբարձր մակարդակի վրայ յայտարարեցին, որ ռազմավարական գործընկերութեան կը սկսին։
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հիւրընկալեց Գանատայի վարչապետ Մարք Քառնին, որ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։

ՅԱՐԱՓՈՓՈԽ ԿԵԱՆՔԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին վերջին յայտարարութիւնը առաջին հայեացքով կը շրջէ ընթացող աշխարհաքաղաքականութեան կարեւոր մէկ ուղղութիւնը: Խօսքը, անշուշտ, վառելանիւթի ոլորտին մէջ ԱՄՆ-Ռուսաստան համաձայնութեան մասին է՝ հիմք ունենալով երկու երկիրներու ղեկավարներու հեռաձայնային զրոյցը:

ՄԱՀ՝ ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ

Ցաւով տեղեկացանք, որ Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ մամուլի երէց սերունդի կաղնիներէն մին. ոչ եւս է Օշին Քէշիշեան: Այս վերջինը երկար տարիներ եղած էր հրատարկիչն ու գլխաւոր խմբագիրը՝ անգլիատառ «The Armenian Mirror Spectator» թերթին: 

ԲԱՌ, ԴՐՈՒԱԳ, ԳՈՅՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Դաւիթ Մուրատեան: Բօթը շատ լայն արձագանգ ստեղծած է՝ մանաւանդ, որ Դաւիթ Մուրատեան տասնամեակներէ ի վեր անփոխարինելի նպաստ մը բերած էր հայկական մշակոյթին:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Մխիթար Սեբաստացիի ծննդեան 350-ամեակին ձօնուած յոբելենական ճոխ ու բազմակողմանի ծրագիր մը:
Մխիթարեան միաբանութիւնը այս օրերուն խոշորացոյցի տակ կը բերէ իր հիմնադիր աբբահօր ժամանակաշրջանի եկեղեցական, քաղաքական եւ պատմական միջավայրը:
Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին պատգամը:

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՊԵԼԺԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ, ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ

Երէկ, Անգարա-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը, որու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, կազմակերպուած յանցագործութիւններու, մուտքի արտօնութիւններու եւ գաղթի վերաբերեալ խնդիրներու։

Էջեր