ՄԱՀ՝ ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ
Ցաւով տեղեկացանք, որ Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ մամուլի երէց սերունդի կաղնիներէն մին. ոչ եւս է Օշին Քէշիշեան: Այս վերջինը երկար տարիներ եղած էր հրատարկիչն ու գլխաւոր խմբագիրը՝ անգլիատառ «The Armenian Mirror Spectator» թերթին:
Օշին Քէշիշեան Մերձաւոր Արեւելքէն գաղթելով հաստատուած էր Ամերիայի Միացեալ Նահանգներ: Հայաշատ Գալիֆորնիոյ մէջ, հայկական շրջանակներէ ներս կը վայելէր բարձր վարկ եւ արժանացած էր համակրանքի՝ իր հաղորդական եւ անմիջական նկարագրով: Տասնամեակներ շարունակ ան լուրջ ներդրում ունեցած էր՝ ամերիկահայ համայնքէն ներս հանրային կարծիքի ձեւաւորման, հասարակաց մտքի պատրաստութեան, խմորման տեսակէտէ: Սփիւռքահայ մամլոյ վեթերան խմբագիրներէն մին էր: Օշին Քէշիշեան անգնահատելի գործունէութիւն ծաւալած էր տասնամեակներու տեւողութեան, երբ տակաւին տպագիր մամուլը լիուլի բաւարար էր հանրային կարծիք պատրաստելու համար:
Ի լրումն այս բոլորին, նորոգ հանգուցեալ եւ բարեյիշատակ Օշին Քէշիշեան հասարակական գետնի վրայ ալ կը ծաւալէր գործունէութիւն: Ռամկավար սկզբունքներու կը դաւանէր եւ իբր այդ կը դիրքաւորուէր հայաշխարհի վերաբերեալ զանազան խնդիրներու պարագային: Համահայկական հարթութեան վրայ լուրջ դերակատարութիւն ստանձնած, միշտ յանձնառութիւններու համար պատասխանատուութեամբ հանդէս եկած լրագրող մըն էր Օշին Քէշիշեան, որու հրապարակագրական գործունէութիւնը լոյս կը սփռէ ամերիկահայ համայնքի արդի տարեգրութեանց վրայ:
Օշին Քէշիշեան երկար ժամանակ անմիջական կապ պահած էր նաեւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան շրջանակներուն հետ՝ զանազան ձեռնարկներու եւ ծրագրերու պարագային համագործակցելով այդ հաստատութեան հետ:
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Օշին Քէշիշեանի բարի հոգւոյն՝ անկեղծօրէն խոնարհելով իր ծով վաստակին առջեւ: Մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք համայն իր ընտանիքին: