Հոգե-մտաւոր

ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽՄԲԱԳՐՈՒԻ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդ արարածը միշտ ալ հաւատացած է (եւ կամ փորձած է հաւատալ) այն կարծիքին, թէ «սխալիլը մարդկային է»։ Այս պարզ խօսքը իր մէջ ունի թէ՛ դրական եւ թէ բացասական որոշ կողմեր։ Դրական կողմը այն է, որ այս հաստատումով մարդ իր սխալական ըլլալը կ՚ընդունի։

ՀԱՆՃԱՐԻ ՄԱՍԻՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Երբ միտքը հաւաքելէ ետք հնարաւոր փորձառութիւնները եւ ծանօթութիւնները՝ ինչպէս ըսուած է մեծ հանճարի մը վերաբերումով, տրամախոհութիւնը կը լծորդուի զգայութեան հետ, ուղեղն ալ կը զուգաւորի սիրտին հետ։ Ա՛լ այնուհետեւ ամէն բան յստակ կը դառնայ, կը համախմբուի եւ կը ներդաշնակուի մարդուն ներսը։ 

ՄՐՋԻՒՆԸ ԵՒ ՄԵՂՈՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ո՛վ ծոյլ, մրջիւնին գնա՛, անոր ճամբաները տես եւ իմաստուն եղիր». (ԱՌԱԿ. 26)։
Սողոմոն Իմաստուն ծոյլը կը խրատէ, որ մրջիւնին երթայ, որպէսզի անկէ իմաստութիւն, կարգ եւ կանոն, կարգապահութիւն, աշխատասիրութիւն, անվհատութիւն, զիրար յարգել եւ տակաւին ուրիշ շա՜տ բաներ սորվի՝ որ ընդհանրապէս կը պակսին իրմէ։

ԽՈՐՔԷՆ ԱՒԵԼԻ ՑՈՒՑԱՓԵՂԿՆ Է ԿԱՐԵՒՈՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդ արարածն ու անասունը տարբերող հիմնական կէտերէն մէկն ալ հետեւեալն է. անասունը որպէս վերջնական նպատակակէտ կ՚ունենայ իր գոյութիւնը ապահովել։ Ո՛չ մէկ աւելորդաբանութիւն, սակայն, մարդու պարագան տարբեր է։

ՉԱՐԻՆ ԴԷՄ ԶԷՆՔԸ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ

ԳՐԻԳՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չարին՝ Սատանային դէմ մեր զէնքը՝ Աստուծոյ սիրոյն մէջ հանգչի՛լն է։ Պետրոս առաքեալ կը զգուշացնէ. «Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին՝ Սատանան առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ։

ՈՐԴԵԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Որդեգրել» կը նշանակէ՝ ուրիշին զաւակը՝ կամ լքուած որբ մը օրինաւոր կերպով քովը առնել, խնամել, հոգալ եւ մեծցնել, հասցնել։ Ուրիշ խօսքով՝ առանց արենակցութեան, մէկը «զաւակ» ընդունիլ է որդեգրութիւնը։

«ՊՈԼԻՍԸ ՄԵՌՆՈՂ ԳԱՂՈՒԹ Է»

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Պոլսոյ մասին կարծիք կազմելու լաւագոյն միջոցը պոլսահայուն հետ խօսիլն է։ Այս համոզումով պոլսահայ մտաւորականի մը տուի հետեւեալ հարցումը. «Քսան տարի ետք Պոլսոյ հայութեան վիճակը ինչպէ՞ս կը տեսնէք»։ Պատասխանը այնքան ալ լաւատես չէր. «Քսան տարին շատ է։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՀՐԱՇԱԳՈՐԾ Է

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Բազմութիւնը սկսաւ ուրախութեամբ զԱստուած օրհնել բարձր ձայնով՝ այն բոլոր հրաշքներուն համար զոր տեսեր էին». (ՂՈՒԿ. ԺԹ 37)։
Այսօր եւս կը պատահին հրաշքներ, թէ՛ անհատակ, թէ՛ հաւաքական կեանքերու մէջ, եւ ալ պիտի պատահին միշտ։

«ՊՈԼԻՍԸ ՄԵՌՆՈՂ ԳԱՂՈՒԹ Է»

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մամուլի ու գրականութեան էջերէն մի՛շտ կարդացած ենք Պոլիսի մասին։ Թէ՛ հայ ժողովուրդի քաղաքական եւ թէ գրական ու մշակութային կեանքէն ներս Պոլիսը ունեցած է իր ուրոյն տեղն ու դերը եւ սերունդներ այդ մէկը լաւագոյնս մեծարած են իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ։

Էջեր