ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ…
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Եթէ կրնաս սորվեցուր անոր գիրքերու հրաշքները». կը հաւատանք, որ իրապէս յաջողած է այն ուսուցիչը, որ ո՛չ թէ շատ գիտելիքներ կը փոխանցէ աշակերտին, այլ կը յաջողի անոր մէջ վառել գիրքի հանդէպ սէրը, որովհետեւ ընթերցանութիւնը կ՚ընդլայնէ յիշողութիւնը, կ՚ամրապնդէ ուշադրութիւնը եւ կը զարգացնէ երեւակայութիւնը: