ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ…
«Սորվեցուր անոր արժանապատիւ ձեւով պարտուիլ եւ վայելել յաղթանակը՝ երբ յաղթէ»: Իրականութիւն է, որ մեր ծնողները եւ նոյնիսկ դպրոցը մեզի կը սորվեցնեն, թէ ինչպէ՞ս պէտք է յաջողիլ, սակայն երբեք ակնարկութիւն չեն ընկեր, թէ ինչպէ՞ս պէտք է «ձախողիլ»: Ձախողիլը եւս ունի իր ձեւերը եւ Լինքըն այդ «արժանապատիւ» պարտութեան մասին է, որ կը խօսի: Յաջողութեան հասնելու մէկ մասն ալ բնականաբար արժանապատիւ ձեւով պարտութիւնը ընդունիլն է, որովհետեւ պէտք է ձախողութիւնը տեսնել որպէս առիթ սրբագրութեան: Ընդունինք թէ ոչ, ձախողութիւնը մարդու հոգեբանական եւ բարոյական հասունացման ամենէն կարեւոր փուլերէն մէկն է: Ձախողելու արուեստն է, որ մարդը հեռու կը պահէ ձախողութեան, անորոշութեան եւ քննադատութեան վախէն: Ձախողութեան արհեստին անծանօթ մարդն է, որ կը վախնայ նախաձեռնել եւ առանց սկսելու կը կործանի իր իսկ վախին դիմաց:
Աշխարհի դժբախտ մարդոց մեծամասնութեան թշուառութեան պատճառը յաջողութիւնը կորսնցնելը չէ, այլ ձախողութիւնը արժանապատիւ ձեւով չընդունիլն է, որովհետեւ պարտութեան արուեստին անծանօթ մարդը յաջողութեան անկումի մը դիմաց ամօթի, ատելութեան եւ մենութեան զգացումով կը լեցուի, որովհետեւ ան ձախողութիւնը ընդունելու եւ ապագայ յաջողութիւններուն վրայ աշխատելու փոխարէն, երկար ժամանակ կը շարունակէ լալ իր ձախողութիւնները: Պատերազմական կեանքին մէջ յաղթական դուրս գալու համար լաւապէս զինուելու կողքին պէտք է լաւապէս գիտնալ նաեւ թշնամիին զօրաւոր ու տկար կողմերը։ Նոյնն է նաեւ կեանքի պարագային. յաջողութեան կողքին պէտք է լաւապէս հասկնալ ձախողութիւնը, որպէսզի ձախողութեան պարագային ամբողջութեամբ ոչնչանալու փոխարէն, վերականգնելու եւ դարձեալ դէպի յաղթանակ առաջնորդուելու առիթ ըլլայ:
Վստահաբար լսած էք Էտիսընի այս խօսքը. «Ես ձախողած չեմ: Ես պարզապէս գտած եմ տասը հազար տարբեր ձեւեր, որոնք չեն աշխատիր»: Թոմաս Էտիսընի այս խօսքը պարտութիւնները արժանապատիւ ընդունելու մեծագոյն օրինակն է: Այսօր մենք ունինք լամբ՝ շնորհիւ այս մարդուն, որ ձախողութիւնը յուսահատութեան վերածելու փոխարէն, նոր միջոցներ փնտռելու յատկացուց եւ վերջապէս հասաւ իր նպատակին՝ առանց նկատի առնելու, թէ քանի անգամ ձախողեցաւ:
Համաշխարհային պատմութեան մէջ նման մարդոց օրինակները շատ են. անոնցմէ մէկն է յայտնի Հերի Փոթըր գիրքի հեղինակը, որ հակառակ տասներկու հրատարակչատունէ մերժում ստանալուն՝ չյուսահատեցաւ եւ վերջապէս յաջողեցաւ իր գիրքը աւելի քան 500 միլիոն վաճառքի հասցնել: Հեղինակը եթէ այդ մերժումները արժանապատիւօրէն ընդունած չըլլար ու յուսահատ մէկդի դնէր իր աշխատութիւնը, այսօր չէր ունենար այն յաջողութիւնը՝ զոր ունի:
Առ այդ, Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը յաջողութեան ու ձախողութեան գիտակցութեամբ կազմաւորուի. Կ՚ուզէ, որ ձախողութիւնը զայրոյթ կամ յուսահատութիւն չտայ իր զաւկին, այլ առիթ տայ մտածելու, զարգանալու եւ այդ բոլորը յաղթահարելու: Այս գիտակցութիւնն է, որ մարդուն կու տայ աւելի խիզախ, աւելի կազմակերպուած ձեւով դարձեալ փորձելու: Անշուշտ, Լինքըն կը խօսի յաղթանակի մասին եւս, որովհետեւ ինչպէս յաղթելն ալ կարեւոր է, որովհետեւ կը տեսնենք, թէ շատեր չեն գիտեր նաեւ, թէ յաղթանակ մը ինչպէս արժանաւորապէս կարելի է ընդունիլ։ Լինքընի համար կարեւոր է, որ իր զաւակը ձախողութեան պարագային չյուսահատի, սակայն, նոյնքան կարեւոր է, որ յաղթանակի դիմաց չգոռոզանայ եւ չկորսնցնէ իր հեզութիւնը:
Արիստոտէլի համաձայն, մարդկային առաքինութիւնը կը գտնուի ծայրայեղութիւններու միջեւ հաւասարակշռուծութեան մէջ. յաղթութիւնն ու ձախողութիւնը տարբեր ծայրայեղութիւններ են եւ մարդը իր ամբողջ կեանքին ընթացքին կանգանած է այս երկուքին միջեւ։ Յաջողութենէն ձախողութիւն եւ կամ ձախողութենէն յաջողութիւն անցնիլը ակնթարթ մըն է եւ մարդ պարտաւոր է այդ երկուքին միջեւ իր հաւասարակշռութիւնը պահել, որովհետեւ եթէ ամբողջութեամբ տրուի յաջողութեան՝ ձախողութիւնը կ՚ըլլայ անխուսափելի, իսկ եթէ անձնատուր ըլլայ ձախողութեան՝ ապա յաջողութիւնը անհասանելի կը թուի:
Անշուշտ, ձախողութիւնն ու յաջողութիւնը զաւկին պէտք է լաւապէս հասկնալ տայ, որ անոր կեանքը ճակատագիր մը չէ՛, որ կ՚առաջնորդէ: Իւրաքանչիւր որոշում, իւրաքանչիւր մտածում կը ձեւաւորէ մարդկային կեանքը եւ Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը ի՛նքն իր իմաստութեամբ, իր կամքով կերտէ այդ կեանքը, ստեղծէ իր նկարագիրը, ստեղծէ իր նպատակները եւ կեանքին հանդէպ ունենայ ամբողջական հասկացողութիւն՝ իր լաւով ու վատով, նաեւ յաջողութիւններով եւ ձախողութիւններով:
Այս բոլորը իրարու հետ է, որ մարդուն մէջ կը ստեղծեն բարոյական հասունութիւն:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Քանի՞ անգամ փորձելէ ետք պէտք է յուսահատիլ:
Պատասխան. Յուսահատիլը բնական զգացում մըն է, սակայն պէտք չէ արտօնել, որ ան իշխէ մեր որոշումներուն վրայ: Թէ քանի՞ անգամ փորձելէ ետք պէտք է յուսահատիլ, կախեալ է ո՛չ միայն փորձերու քանակէն, այլեւ՝ նպատակին կարեւորութենէն եւ մարդու ուժէն: Ոմանք կը յաջողին առաջինէն, իսկ ուրիշներ կը փորձեն տասնեակ անգամներ, մինչեւ հասնին իրենց նպատակին: Կարեւորը հասկնալն է, թէ ինչ կը սորվինք ձախողութենէն եւ արդեօք կը զգա՞նք, թէ տակաւին ուժ ունինք շարունակելու: Եթէ մեր սիրտը տակաւին կապուած է այդ նպատակին հետ, ուրեմն յուսահատելու ժամանակը չէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան