ՈՒՇ՝ ՄԻՏՔ ԵՒ ՍԻՐՏ

Ուշը՝ զանազան գիտելիքներու, տեղեկութիւններու եւ ծանօթութիւններու մտքի մէջ ամբարումն է։ Բայց ուշերը հետզհետէ կը զտուին մտքին մէջ եւ մնայ անոնցմէ միայն մէկ մասը։ Արդարեւ, կարելի չէ, որ միտքը կարենայ պահէ ամէն ինչ եւ բնականաբար կարգ մը ուշեր կը կորսուին կամ մտքէն կը սրբուին։

Մասնագէտ հոգեբաններ կ՚ըսեն, որ որեւէ բան սորվուի եւ յաջորդաբար եօթ անգամ մոռցուի եւ դարձեալ յիշուի, այլեւս երբեք չի մոռցուիր եւ միտքին մէջ անջնջելիօրէն կը տեղաւորուի։

Եւ դարձեալ, որեւէ դէպք կամ դէմք նախ կը տեղաւորուի մտքին՝ ուղեղին մէջ։ Եթէ այդ դէպքը կամ դէմքը հետաքրքրական է ենթակային համար, ան կ՚երթայ սրտին մէջ եւ հոգիին մէջ, եւ վերջապէս իր գործած ազդեցութեան չափով կ՚երթայ, կը տեղաւորուի ենթագիտակցութեան մէջ եւ հոն կը մնայ մինչեւ վերջ։ Ենթագիտակցութիւնը՝ մտքի հակակշիռէն առանց անցնելու ծանօթութիւններ են, որոնք կը դասուին բնազդի կարգին եւ ատեն ատեն ի յայտ կու գան անգիտակցաբար։

Ենթագիտակցութիւնը ենթակային կեանքին ընթացք կու տայ, քանի որ ան անոր ինքնութեան անբաժան մէկ մասը կը կազմէ։ Եւ այս իմաստով, հաւատքն ալ բոլորովին անձնական զգացում մըն է, մտքէն՝ սիրտ, սրտէն՝ հոգի եւ անկէ ալ ենթագիտակցութեան մէջ տեղաւորուած։ Ուրեմն, հաւատքը ժառանգական զգացում մը չէ՛։ Եւ կեանքի փորձառութիւնը կը վկայէ, թէ շատ հաւատացեալ ծնողներու զաւակներ կրնան անհաւատ ըլլալ։

Յիշողութիւնը, որպէս ստացական իրողութիւն, անձնական վկայութիւններու արդիւնքն է։

Այս յիշողութեան լաւագոյն օրինակը կը տեսնենք Մարիամի մօտ՝ Աւետարանի վկայութեամբ, ուր Ղուկաս կ՚ըսէ. «Բայց Մարիամ ամէն բաները կը պահէր եւ իր սրտին մէջ կը մտածէր». (ՂՈՒԿ. Բ 19)։ Եւ այս հատուածը ցոյց կու տայ կարեւորութիւնը՝ խորհրդածութեան, այսինքն վկայութիւնները իւրացնել, այսինքն՝ միտքէն փոխանցել դէպի սի՛րտ։

Արդարեւ, այն գիտութիւնը՝ որուն վրայ կը խորհրդածէ՝ կը խորհի, կը տպաւորուի եւ կ՚անցնի սիրտին մէջ, եւ չի մոռցուիր, ուրիշ խօսքով կ՚իւրացուի։ Ուստի, սորվիլը պէտք է միտքէն սիրտ անցնի։ Բայց մարդ կեանքի մէջ շատ բան կը սորվի, թերեւս շատն ալ անպէտ, անգործածելի։ Բայց այդ անպէտ գիտութիւնը կը սրէ, ուշադրութիւնը կը լարէ մտքին, ճիշդ այնպէս, ինչպէս երբ դանակը քսուի քարի վրայ, անշուշտ, չի կրնար կտրել քարը, բայց ինք կը սրուի։ Ինչպէս նաեւ երբ բաւական շիկացած երթակը ջուր սրսկելով հարուածել՝ գանել ամուր պողպատի՝ ջրդեղուած երկաթի կը վերածուի։

Այսպէս, ուրեմն, յիշողութիւնն ալ պէտք է յաճախ «հարուածել, արթնցնել»։

Յիշողութիւնը, նաեւ միասնականութեան համար անհրաժեշտ է, մանաւանդ հասարակաց յիշողութիւնը՝ կ՚ամրացնէ մարդոց միատեղ միաժամանակ գոյապահպանումը եւ գոյատեւութիւնը։

Անհատական յիշողութիւնը եթէ տեղաւորուած եւ հաստատուած է ենթագիտակցութեան մէջ, անիկա ամենէն չակնկալուած պահերուն ի յայտ կու գայ եւ հրաշքներ կատարելով զարմանք եւ հիացում կը պատճառէ թէ՛ ենթակային եւ թէ իր շուրջիններուն։

Մեղք եւ յիշողութիւն սապէս կապուած են իրարու. մեղքը՝ Աստուծոյ Խօսքը, պատուէրը յիշել եւ հակառակը կատարել է։ Այն շիտակ, ուղիղ բաները կը յիշենք, բայց հակառակը կ՚ընենք, այն ինչ որ պատուիրուած է ընել՝ չենք ըներ, կամ պատուիրուած է չընել եւ կ՚ընենք, ահաւասիկ, ա՛յդ է մեղքը։

Մարդիկ, յաճախ ներկային կատարած որեւէ արարքի համար զղջալով կ՚ըսեն. «Երանի թէ չընէի…»։ Բայց ամէն արարք պէտք է գնահատել իր գործուած ժամանակին մէջ, քանի որ այդ «սխալ» արարքը, հաւանաբար անցեալի մէջ ալ պիտի ընէր մարդ, ուրեմն արարք մը զղջալէ, «երանի թէ…» ըսելէ առաջ պէտք է մտքին եւ սրտին, կամ ըսենք, խղճին մէջ դատել, կշռել եւ յետոյ գործել։ Բանականութիւնը այս կը պահանջէ. զգացականը եւ բանականը միացնել եւ ըստ այնմ շարժիլ… Ամէն լսուած, ամէն տեսնուած, ամէն իրականութիւն ճշմարտութիւն չէ՛. ուստի իրականութիւնը (réalité) եւ ճշմարտութիւնը (vérité) պէտք չէ շփոթել իրարու հետ։ Զոր օրինակ, ամէն տեսնուած դէպք իրականութիւն մըն է, բայց ճշմարտութիւն չէ՛. ինչպէս՝ «Սուրբ Աստուած, սուրբ եւ հզօր, սուրբ եւ անմահ…» երգել՝ իրականութիւն մըն է՝ բայց անոր իմաստը՝ Յիսուսի Աստուածութիւնը ընդունիլ եւ դաւանիլ Ճշմարտութիւն է, եւ նոյնպէս՝ «Հաւատամք» անգիր արտասանել իրակութիւն է, բայց անոր իմաստը՝ ճշմարտութի՛ւն։

Եւ եթէ, աղօթք կամ երգ, առանց իրենց իմաստին թափանցելու արտասանենք կամ երգենք իրականութիւն կատարած կ՚ըլլանք, բայց եթէ անոց իմաստին թափանցենք, ատիկա ճշմարտութեան հասնիլ կը նշանակէ։ Այս իմաստով՝ Աստուածը մէ՛կ է, ինչպէս սրուակի ջուրը երբ պարպենք երկու գաւաթի մէջ՝ նոյն ջուրն է, թէ՛ սրուակի եւ թէ երկու գաւաթի մէջ պարպուած ջուրը, ինչպէս՝ Աստուածութիւնը մէ՛կ է, թէ՛ Հօր, թէ՛ Որդւոյ եւ թէ Սուրբ Հոգիի մէջ։ Եւ ասիկա Ճշմարտութի՛ւն է…

Վերջապէս, յիշողութիւնը կը հիմնուի էութեան հետ միացած վիճակի մը մէջ, եւ ժառանգութիւնը կը հաստատուի ինքնութեան հետ միացած յիշողութեան վրայ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 22, 2025, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 23, 2025