ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կ՚ապրինք ծանօթներու եւ անծանօթներու, տեսանելիներու եւ անտեսանելիներու լայն շրջանակի մը մէջ՝ զոր սովորաբար «ընկերութիւն» կը կոչենք։ Այս իմաստով ընկերութիւնը հակադրութիւններու ամբողջութիւն մըն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կ՚ապրինք ծանօթներու եւ անծանօթներու, տեսանելիներու եւ անտեսանելիներու լայն շրջանակի մը մէջ՝ զոր սովորաբար «ընկերութիւն» կը կոչենք։ Այս իմաստով ընկերութիւնը հակադրութիւններու ամբողջութիւն մըն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շատերու համար գուցէ տարօրինակ թուի, սակայն, Յիսուս Քրիստոս Խաչի վրայ չմահացաւ. ուշաթափութիւն մը ունեցաւ եւ մարդիկ զինք մեռած կարծելով դրին գերեզման, ուրկէ դուրս գալով որոշեց, որ ժամանակն է Հնդկաստան երթալու եւ գնաց։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամէն սկիզբ նոր յոյս մըն է, մարդիկ միշտ նորութիւն մը կը սպասեն, երբ սկիզբի մը վրայ կը գտնուին։ Իրականին՝ ամէն նոր օր սկիզբ մըն է, չէ՞ որ երբ ամէն օր կ՚աղօթենք՝ կը խնդրենք Աստուծմէ, որ օրուան «հաց»ը տայ մեզի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եկեղեցւոյ հայրերէն Օգոստինոս աշխատութիւններէն մէկուն մէջ՝ խօսելով Աստուծոյ էութեան մասին, կ՚ըսէ. «Աստուած չի կրնար սխալիլ, որովհետեւ անոր իմաստութիւնը կատարեալ է»։
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Մարդու անհատական, ընտանեկան եւ ազգային կեանքին մէջ կայ «ես»ի եւ «մենք»ի միջեւ համակեցութիւն եւ հաւասարակշռութիւն ստեղծելու մարտահրաւէրը։ Եթէ մարդը կ՚ապրի իր «ես»ով, բայց, այդ մէկը պէտք է համադրէ նաեւ հաւաքական կեանքին՝ իմա «մենք»ի հետ։
ԱՒԵՏԻՍ ՀԱՃԵԱՆ
Արմատական Բառարանին մէջ, Հրաչեայ Աճառեան նշած է, որ «կաղանդ» բառը հայերէնին մէջ մտած է յունարէնէն՝ χαλάνδαι («խալանդայ», դասական տառադարձութեամբ), որ կը նշանակէ «նոր տարի, ամանոր»։
ԱՐԹԻՒՐ ԻՓԷՔ
Սէր մէկէնիմէկ չ՚ըլլար. ան ժամանակի կը կարօտի, այսինքն՝ համբերութեան։ Նոյնիսկ եթէ Օրհան Վելի «Պիրտէնպիրէ»ի մէջ յայտնէ, թէ…
Ամէն բան մէկէնիմէկ եղաւ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աշխարհի մէջ ինչքա՞ն իմաստուն մարդ կայ՝ չենք գիտեր, սակայն վստահ ենք, որ անմիտ ու թեթեւամիտ մարդիկը թիւով շատ աւելի են՝ քան իմաստունները: Այս դժբախտ իրականութիւնը փաստելու համար շատ պարզ փորձեր ընելը բաւարար կրնայ ըլլալ.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յակոբոս եւ Պօղոս առաքեալներ կը խօսին պայքարող Բնութեան մասին։ Յակոբոս առաքեալ կը խօսի մեղսալից հաճոյքներու մասին, որոնք կը պայքարին մեր մարմնին մէջ. «Ուրկէ՞ յառաջ կու գան ձեր հակամարտութիւնները եւ կռիւները, արդեօք ձեր ցանկութիւններէն չէ՞, որոնք մեր մարմինին մէջ կռիւ կը մղեն». (ՅԱԿՈԲ. Դ 1)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մահը ինչքան ալ ծանր ու սարսափելի թուի՝ մահ է. դէպի անյստակութիւն տանող յայտնի աւարտ մըն է, վերջակէտ մը. սակայն, պէտք է ըսենք, որ ամենէն սարսափելին այս մէկը չէ, որովհետեւ որոշ ժամանակ ետք մահուան դիմաց մարդ կը համակերպի, կ՚ընդունի ճշմարտութիւնը եւ սիրեցեալին սուգը սրտին մէջ կը շարունակէ ապրիլ։