ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՄՔԸ

Յաճախ կը խորհրդածենք եւ կը խօսինք Աստուծոյ կամքին մասին։ Երբ կ՚աղօթենք եւ կը խնդրենք՝ Աստուծոյ կամքը նախամեծար կը սեպենք։ Ոմանք, Աստուծոյ կամքը կը շփոթեն «ճկատագիր»ի հետ։ Աստուծոյ կամքը՝ նախապէս տրուած «անջնջելի վճիռ» կը կարծեն։ Մինչդեռ «ճակատագիր»ը՝ Աստուծոյ ամենատեսութիւնը կը ներկայացնէ եւ այդ իմաստով պէտք է հասկնալ. Աստուած ամենատես ըլլալուն՝ կը տեսնէ ապագան եւ գիտէ, թէ ապագային ի՛նչ պիտի պատահի։ Եւ ապագային պատահելիքներուն մարդուն վերաբերուածները մարդուն ազատ կամքին հետեւանքներն են։

Գալով աղօթքի ատեն Աստուծոյ կամքին։

Իմաստութեան Գիրքին մէջ կը կարդանք. «Առաքէ՛ քու սուրբ երկինքէդ, քու փառքի աթոռէդ ուղարկէ՛ անոր, որ գայ եւ տեղ գտնէ իմ մէջ եւ ես գիտնամ, թէ ի՛նչն է հաճելի Քու առջեւ. քանզի ան գիտէ ամէն ինչ եւ խելամուտ է…». (ԻՄԱՍՏ. ՍԱՂՄ. Թ 10-11)։

Աստուծոյ կամքը գիտնալու համար նախ պէտք է Աստուծմէ խնդրենք, որ մեզի տայ իմաստութիւն։ Ուստի, իմաստութեան միջոցով է, որ կարելի է հասկնալ Աստուծոյ կամքը։ Թէ ինչո՞ւ կ՚աղօթենք Աստուծոյ կամքին համեմատ։ Աստուծոյ կամքին համեմատ պէտք է աղօթենք եւ բան մը խնդրենք, քանի որ Աստուած բարի է եւ Իր կամքն ալ միշտ բարի է բնականաբար, իսկ մարդուն կամքը անորոշ է՝ կ՚ուզէ բան մը բարի կամեցողութեամբ, բայց անիկա կրնայ ըլլալ չար բնաւորութեամբ, եւ կամ բարի կարծուած խնդրանք մը կրնայ չար եւ գէշ հետեւանքներ ունենալ ապագային։ 

Ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին պէտք է խնդրենք Աստուծոյ կամքը՝ որպէսզի եթէ մեզի համար բարի եւ օգտակար է, կատարուի։ Այս մտածումը ժողովուրդին մէջ սովորութիւն եղած է սա խօսքերով արտայայտել. «Բարին Աստուծմէ», «Աստուած բարին կատարէ», «Առաջ Աստուած», «Ամէն ինչ բարիով» եւ այլն, որոնք բոլորն ալ Աստուծոյ կամքին անհրաժեշտութիւնը կ՚արտայայտեն։ Եթէ բարի է, այն ատեն թող կատարուի եւ այս մաղթանքը ո՛չ ճակատագրապաշտութիւն է եւ ո՛չ իսկ մարդուս կամքէն եւ ուզածէն հրաժարում, այլ պարզապէս բարիին եւ իսկապէս օգտակարին կատարման մաղթանքը։

Եւ այս իմաստով, երբ կ՚աղօթենք, պէտք է նախ իմաստութիւն խնդրենք Աստուծմէ, որպէսզի մեզի ցոյց տայ, թէ մեր ուզածը եւ անոր հետեւանքները բարի՞ են եւ մեզի բարոյապէս օգտակա՞ր, թէ ո՛չ։ Այս պատճառով, քրիստոնէական հասկացողութեան մէջ «ճակատագիր» ըսուածը տեղ չունի՛, թերեւս «Աստուծոյ ստեղծագործութեան ծրագիր»ը՝ որ «ճակատագիր»էն բոլորովին տարբեր եւ խորութիւն ունեցող արժէ՛ք մըն է։

Ուստի, Իր իմաստութեան եւ բարութեան մէջ հաճոյ թուեցաւ Աստուծոյ յայտնել Ինքզինք եւ ճանչցնել Իր կամքին խորհուրդը՝ որուն շնորհիւ մարդիկ, Քրիստոսով, մարմնացեալ եւ մարդացեալ Բանով, կը մերձենան Հօր՝ Սուրբ Հոգիի մէջ եւ մասնակից կ՚ըլլան աստուածային բնութեան։ Աստուած, որ «կը բնակի անմատչելի լոյսին մէջ». (Ա ՏԻՄ. Զ 16), կ՚ուզէ Իր աստուածային կեանքը հաղորդել Իր ամենայն ազատութեամբ ստեղծած մարդոց, որպէսզի Իր Միածին Որդիով զանոնք «որդեգիր»ներ դարձնէ։

Ինքզինք յայտնելով Աստուած կ՚ուզէ, որ մարդիկն ալ ատակ դառնան ընդառաջելու Իրեն, ճանչնալու եւ սիրելու զԻնք եւ գործակցելու Իրեն հետ, քանի որ Աստուծոյ գործակցիլ՝ ամենաազդու աղօթքն է։ Գործակցիլ՝ աւելի քան ինչ որ մարդիկ իրենց սեփական միջոցներով պիտի չկարենային կատարել որեւէ բան։ Եւ այս իսկ պատճառով ալ մարդ երբ կ՚աղօթէ, նախ պէտք է Աստուծոյ կամքը խնդրէ եւ ճանչնայ՝ Անոր հետ համաձայն եւ գործակից ըլլալու համար… Արդարեւ, Աստուծոյ փառքը այն է, որ իրականանան Իր բարութեան, սիրոյ յայտնութիւնը եւ հաղորդակցութիւնը՝ որոնց հեռանկարով եւ ծրագրով աշխարհ ստեղծուեցաւ։

Աստուծոյ կամքին բարեհաճ ծրագիրը ա՛յս եղաւ, ընել մեզ «որդեգիրներ Յիսուս Քրիստոսով. ի գովաբանութիւն փառքի Անոր շնորհքին». (ԵՓՍ. Ա 5-6)։

Աստուծոյ կամքը մի՛շտ բարի է եւ հաճելի…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 3, 2026, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2026