Լրահոս

ՊՈՒՔՐԷՇԷՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Ռումանիոյ նախագահ Նիքուշոր Տան յայտարարեց, որ Սեւ ծովու մէջ պէտք է ամրապնդուի ՆԱԹՕ-ի վերահսկողութիւնը։ Նախագահ Տան, որ «Euronews»ին հարցազրոյց մը տուաւ, անդրադարձաւ Պուքրէշի ղեկավարութեան ակնկալութիւններուն՝ Սեւ ծովու առկայ վիճակին շուրջ։

COP-17 ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես Երեւանի մէջ յոյս յայտնեց, թէ Պաքուի մէջ պահուած հայ գերիներու եւ պատանդներու վերադարձի հարցը կը լուծուի:
Ըստ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքայեւի՝ Հայաստան-Ատրպէյճան մերձեցումը նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ Արեւելք-Արեւմուտք կապերուն տեսակէտէ:

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵՒ ՓԱՌԱՇՈՒՔ

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 35-ամեակին առթիւ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուեցաւ յոբելենական պաշտօնական ընդունելութիւն մը:
Հաւաքոյթը խորհրդանշական նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը: Նաիրի Պետրոսեանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած երեկոյթի ներկաներու շարքին էին արտաքին գործոց փոխ-նախարար Պերրիս Էքինճի եւ ՍԾՏՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լազար Քոմանեսքու:
Երկու երկիրներու քայլերգները հնչեցին՝ ազդարարելով բարիդրացիական համագործակցութեան նոր հորիզոնները, որոնք նոր տեսլական մը կը բերեն տարածաշրջանի ապագային, ուր խաղաղութիւնը կը դառնայ հաստատութենական:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր եւ համայնքային շրջանակներուն առընթեր, մասնակիցներու կարգին էր նաեւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը:

ԻԿՆԱՑԻՕ ՔԱՍԻՍ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Զուիցերիոյ փոխ-նախագահ ու արտաքին գործոց նախարար Իկնացիօ Քասիս, որ ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Հարաւային Կովկաս, այս առաւօտ ժամանեց Երեւան։ Իկանցիօ Քասիսի ուղեւորութեան ծրագիրը կ՚ընդգրկէ Երեւանն ու Թիֆլիզը։

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐ

Վարշաւիայի անվտանգութեան ֆորումին գծով կլոր սեղան. «ԵՄ Արեւելեան գործընկերութեան վերաիմաստաւորումը»:
Նախարար Արարատ Միրզոյեան. «Հայաստանի կողմէ որդեգրուած ուղղութիւնը ստացած է իրաւական եւ քաղաքական յստակ ձեւակերպում»:

ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի նորաձեւութեան շաբաթը այս տարի բացառիկ ձեւաչափի մը մէջ կ՚ընթանայ։ Արդարեւ, ժառանգութեան եւ նորաձեւութեան համատեղման մթնոլորտ մը ստեղծուած է, ինչ որ հետաքրքիրներու ուշադրութենէն չի սպրդիր։

ԿԱՅ-ՉԿԱՅ TRIPP

«Ատրպէյճանի զինուորի Հայաստան ներխուժումը կասկածի տակ չի դներ հաստատուած խաղաղութիւնը»:
Փաշինեան. «Նախագծի իրականացման սկիզբը պիտի ըլլայ տարածաշրջանի տնտեսական միջավայրի փոփոխութեան անկիւնաքարը»:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑԸ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ Լեհաստանի մէջ կը գտնուի մասնակցելու համար Վարշաւիայի անվտանգութեան ֆորումին, երէկ, հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պետր Ապտիւլաթի հետ։

Էջեր