ՆՊԱՏԱԿԱՍԼԱՑ ՊԱՏԳԱՄ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի պաշտօնեաներէն երբեմն կը լսուին ձեւակերպումներ, որոնք, մեղմ խօսքով, չեն նպաստեր խաղաղութեան։
Երէկ, Արարատ Միրզոյեան մասնակցեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նիստին։ Երեսփոխաններու հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ ան անդրադարձաւ Երեւանի արտաքին քաղաքական օրակարգի բազմաթիւ խնդիրներուն։ Այս ամբողջին մէջ Միրզոյեան անդրադարձաւ նաեւ վերջերս Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ծայր տուած տարակարծութիւններուն։ Այս կապակցութեամբ ան ըսաւ. «Երեւան այս բանին վրայ չի կառուցեր իր քաղաքականութիւնը»։
Պատգամաւորներու հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ նախարար Միրզոյեան բաւական մանրամասնութիւններով հանդէս եկաւ TRIPP նախաձեռնութեան շուրջ։ Իր խօսքով՝ այս նախագծի իրականացման վերաբերեալ մտահոգութիւնը ընթացակարգերուն տեւողութիւնն է: Արդարեւ, հայկական կողմը առաւելագոյն ջանքեր կը գործադրէ նախագիծը հնարաւորինս շուտ կեանքի կոչելու համար, սակայն, գործընթացները ժամանակ կը պահանջեն։
Ըստ Արարատ Միրզոյեանի՝ հայկական կողմը ջանք չի խնայեր նախագծի արագ իրականացման համար, որովհետեւ սա իր առաջնային շահերէն կը բխի։ «Այդուհանդերձ, մտահոգութիւն է գործընթացներու տեւողութիւնը։ Քիչ մը շատ ժամանակատար են այս գործընթացները: Ցանկալի կ՚ըլլար աւելի արագ յառաջ շարժուիլ, միեւնոյն ժամանակ, սահմանուած ընթացակարգերու աւարտիլը անհրաժեշտ է», ըսաւ ան։
Երեսփոխանի մը հարցման պատասխանելով՝ Արարատ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ TRIPP-ի վերաբերեալ փաստաթուղթը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան եւ Սենատէն ներս քննարկելու ընթացակարգ նախատեսուած չէ։ Ամերիկեան օրէնսդրութեամբ պահանջուած գործողութիւնները արդէն կատարուած են։ «Ինչ որ նախատեսուած է իրենց օրէնսդրութեամբ, կատարուած է: Հետեւաբար, ԱՄՆ-ի կողմէ սա ուժի մէջ մտցնելու յաւելեալ գործողութեան կարիք մը այլեւս չկայ», դիտել տուաւ նախարարը, որու խօսքով՝ հայկական կողմը գործընթացը անցուցած է Սահմանադրական ատեանի փուլը եւ այժմ հասած է Ազգային ժողով։ Խորհրդարանական ընթացակարգերէն յետոյ TRIPP-ի վերաբերեալ փաստաթուղթը պէտք է ստորագրուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ։
Արարատ Միրզոյեան հաւաքոյթի ընթացքին շեշտեց, որ որեւէ հակասութիւն չի տեսներ TRIPP-ի եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան կարգաւորումներուն միջեւ։ TRIPP նախագծի շրջանակներէն ներս նախատեսուած ենթակառուցուածքներու տեղակայման վայրերը տակաւին որոշուած չեն։ Հետեւաբար, այժմու փուլին հնարաւոր չէ նշել նաեւ անոնց համար տրամադրուելիք տարածքներու յստակ չափերը։ Մեղրիի երկաթուղիի հաւանական ուղին եւ կազամուղի կամ նաւթամուղի երթուղիները պարտադիր չէ, որ համընկնին։
Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ TRIPP նախագծի վերաբերեալ շրջանակային համաձայնագիրը տնտեսական համագործակցութեան նոր՝ երբեւէ չտեսնուած մակարդակ կը ձեւաւորէ։ Այս հանգամանքը շեշտելէ վերջ, նախարարը ընդգծեց, որ սա կ՚ամրագրէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու իրաւազօրութիւնը ծրագրի շրջանակներէն ներս նախատեսուած ենթակառուցուածքներու պարագային։ «Այս հարցը դեռ ճշգրտման կարիք ունի», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան՝ անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու՝ Ատրպէյճանի տարածքով TRIPP-ի ընթացակարգերով անցնելու հաւանականութեան: Ան աւելցուց, որ չի պատկերացներ իրավիճակ մը, երբ TRIPP-ի շրջանակներէն ներս երկաթուղային հաղորդակցութիւնը գործէ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ, սակայն, Հայաստան չկարողանայ Նախիջեւանի տարածքով ապահովել իր ներքին կապը։
TRIPP-ով անխոչընդոտ անցնելու հնարաւորութիւնը չի նշանակեր, որ որեւէ բեռ կրնայ անցնիլ Հայաստանի տարածքով։ «Հայաստան կը պահպանէ որոշ բեռներու փոխադրումը արգիլելու իրաւունքը։ TRIPP-ով զէնք-զինամթերք կարելի չէ անցընել», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան՝ շեշտելով, որ այս հարցին շուրջ փոխադարձ ըմբռնում գոյութիւն ունի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ։