ԵՐԵՔ ԺԱՄՈՒԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ հետամուտ մնալ՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման։ Սպիտակ տունը յամառօրէն յառաջ կը տանի միջնորդի դերը։
Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ հիւրընկալեց՝ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ ներկայացուցիչը՝ Սթիւ Ուիթքոֆը։ Մարինիան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ երեք ժամ։ Սա Ուիթքոֆի արդէն իններորդ այցելեցութիւնն էր Ռուսաստան։
Սթիւ Ուիթքոֆ նախօրէին Օսլոյի մէջ տեսակցած էր Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ՝ Նորվեկիոյ եւ Ֆինլանտիոյ ղեկավարներու ներկայութեամբ։ Այդ հանդիպումէն վերջ, Ուիթքոֆ Օսլոյէն անցաւ Սեն Փեթերսպուրկ, ուր երէկ տեսակցեցաւ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այս վերջնոյն կողքին էին Քրեմլինի բանբերը՝ Եուրի Ուշաքով եւ Ռուսաստանի ուղղակի ներդրումներու հիմնադրամի ղեկավար Քիրիլ Տիմիթրիեւ։ Հարկ է նշել, որ ռուսական կողմը երէկուան բանակցութիւնները որակեց արդիւնաւէտ ու բովանդակալից։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Վլատիմիր Փութին եւ Սթիւ Ուիթքոֆ առաջնահերթօրէն քննարկեցին Ուքրայնայի հակամարտութիւնը եւ Իրանի շուրջ իրադրութիւնը։ Փութին նախագահ Թրամփին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերուն համար։
Սթիւ Ուիթքոֆ Օսլոյէն Սեն Փեթերսպուրկ տարած էր Քիեւի ղեկավարութեան վերջին առաջարկները, որոնց կապակցութեամբ ծաւալուեցան քննարկումներ։ Օրակարգի վրայ եկան Ռուսաստան-ԱՄՆ-Ուքրայնա ձեւաչափով բանակցութիւններու վերսկսման վերաբերեալ հարցերը։ Միեւնոյն ժամանակ, Մոսկուա պատրաստակամութիւն յայտնեց Ուաշինկթընի հետ տնտեսական կապերը սերտացնելու ուղղութեամբ։
Եուրի Ուշաքով բանակցութիւններէն վերջ դիտել տուաւ, որ Վլատիմիր Փութին Սթիւ Ուիթքոֆին տեղեկութիւններ փոխանցած է նաեւ ռազմաճակատի ներկայ կացութեան շուրջ՝ ընդգծելով, որ ռուսական զօրքերը ունին ռազմավարական առաւելութիւն։
Միւս կողմէ, Փեքինի ղեկավարութիւնն ալ այս շրջանին ուշագրաւ նախաձեռնութիւնով մը հանդէս կու գայ, ինչ որ միջազգային բեմահարթակի վրայ անմիջական ուշադրութեան կ՚արժանանայ։ Այսպէս, ԱՄՆ-Չինաստան-Ռուսաստան ղեկավարներու հանդիպման մը համար աշխատանք կը տարուի։ Փեքինի պաշտօնական աղբիւրները երէկ հերթական անգամ վերահաստատեցին այս լուրը։ Սոյն հանդիպումը տեղի կրնայ ունենալ՝ Ասիա-Խաղաղական ովկիանոս տնտեսական համագործակցութեան գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս, որ նախատեսուած է Չինաստանի Շենչժէն քաղաքին մէջ։