Թրքահայ կեանք

ԳԱՏԸԳԻՒՂՑԻ ՄԵՐ ՆԱՏԻԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆԸ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Մեզի սիրելի եւ յարգելի տիկին Նատիա Գօչունեանի ծննդեան 75-ամեակի եւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեակի կրկնակ յոբելեաններու առթիւ անձնապէս կը փափաքինք մեր սրտի խօսքը բերել՝ որպէս նախկին աւագերէցը Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ, նաեւ որպէս Գատըգիւղի թաղեցի։

ՍԻՐԱԼԻՐ, ԶՈՀԱԲԵՐ ՈՒ ՀԱՇՏԱՐԱՐ

ՍԱԹԵՆԻԿ ՆՇԱՆ

Այսօր մէկտեղուած ենք իմ սիրելի դասընկերուհիիս՝ Նատիա Էպէօղլու-Գօչունեանի զոյգ տարեդարձներուն համար. մէկը իր ծննդեան 75-ամեակը, իսկ երկրորդը՝ իր կեանքին մէջ շատ կարեւոր տեղ գրաւած ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատան մէջ զոհաբեր աշխատութեան 45-ամեակը։ 

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԿՐԿՆԱԿ ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՌԹԻՒ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԵՐԵԿՈՅԹ

Երէկ, Եշիլգիւղի ընտանիքը գեղարուեստական երեկոյթով մը արժեւորեց՝ թաղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 200-ամեակի եւ վարժարանի հիմնադրութեան 70-ամեակի կրկնակ յոբելեանները։ Այս առթիւ տօնական մթնոլորտ ստեղծուած էր եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, ուր համախմբուած էին Եշիլգիւղի ընտանիքի վարիչները, համայնքային շրջանակներէն դէմքեր եւ բազմաթիւ հիւրեր։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու՝ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեանն ու Սահակեան-Նունեան վարժարանի փոխ-տնօրէնուհի Լիանա Պենլի-Քասափճըլարը։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Երէկ, Ֆէրիգիւղի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանը։ Այսպէս, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։

ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԿԱԶՄԻ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՐՁԸ

Շաբաթավերջին, Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը ձեռնարկեց 2026-2027 շրջանի աշխատանքներուն։ Նոր եղանակի բացման հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցաւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ դպրաց դասու նախագահն է։

Էջեր