ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՆԳԱՄ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԿԱՏԱՐՈՒՄՆԵՐԸ
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ՝ ամրան շրջանի հերթական երիտասարդաց ձեռնարկը։ Այսպէս, երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան՝ Լիլիան Աւիթօղլու, Արթուն Արծիւեան, Լիա Վարդանեան, Լորին Տեմիրճի եւ Արտէն Զէյֆիեան, որոնք իրենց ներկայացուցած հայերէն երգերով արժանացան խանդավառ ծափահարութիւններու։
Գնալը կղզիի յունաց ճամբարէն ներս իրենց ամրան արձակուրդը անցուցած մեր համայնքի մանուկներն ու պատանիները այսօր արդէն հրաժեշտ կ՚առնեն՝ աւարտած ըլլալով իրենց կեցութեան շրջանը։
Խոր ցաւով կը գուժենք մահը մեր համայնքի երէց սերունդի այնքան սիրուած ու յարգուած ներկայացուցիչներէն՝
ERVAB-ի Կրթական յանձնախումբը Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահի երդիքին տակ ժողով մը գումարեց՝ 2026-2027 շրջանի վերամուտին ընդառաջ:
Երէկ երեկոյեան, պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի կողմէ գլխաւորուած «Աւանդական» պարախումբը այցելեց Գնալը կղզիի յունաց ճամբարը, ուր այս շրջանին թրքահայ մանուկներ եւ պատանիներ կ՚անցընեն իրենց ամրան արձակուրդը:
Երէկ երեկոյեան, Պոլսահայ սանուց միութիւններու վարչութեանց ներկայացուցիչները այցելեցին Գնալը կղզիի յունաց ամրան ճամբարը, ուր իրենց արձակուրդի շրջանը կ՚անցընեն մեր համայնքի մանուկներն ու պատանիները:
Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս Մաշալեան գլխաւորեց՝ շաբաթավերջին դէպի Վաքըֆլըգիւղ կազմակերպուած աւանդական համայնքային ուխտագնացութիւնը։
Երէկ, Գնալը կղզիի մէջ, Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի աւանդական խրախճանքը, որ մարզասէրներու անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ։ Ծրագիրը բաղկացած էր զանազան փուլերէ, իսկ եզրափակիչին հանդէս եկան՝ Թաքսիմի եւ Սահակեանի հիմնական կազմերը։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Երէկ յետմիջօրէին, Գնալը կղզիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ՝ Ներսէսեան դպրաց դասու մանուկներու եւ պատանիներու մասնակցութեամբ աղօթք մը, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան: