ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ 30 Օգոստոսի Մեծ յաղթանակի տօնին առթիւ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած պաշտօնական հաւաքոյթներու։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ 30 Օգոստոսի Մեծ յաղթանակի տօնին առթիւ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած պաշտօնական հաւաքոյթներու։
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւնները տեղի ունեցան հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ փոխ-ատենապետ Զարեհ Քարաքաշ այցելութիւն մը տուին «Էմլաք քոնութ»ի ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Կէօքհան Եիւքսէլին։
Շիշլի մարզակումբը կը շարունակէ իր անցեալի հսկաները մեծարել՝ անոնց յիշատակին կազմակերպուած զանազան մրցաշարքերով եւ այլ նախագծերով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գնալը կղզիի մէջ հիւրընկալեց ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավար Սերքան Փոլատն ու ընկերակիցները։
Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ յիշատակին այն առասպելներուն, որոնք իր գործունէութեան ամբողջին մէջ պատմականօրէն հետք մը թողած են։ Այս տարի եւս, ակումբի նախաձեռնութեամբ, Գնալըի մէջ կազմակերպուեցաւ պասքեթպոլի մրցաշարք մը, որ ձօնուած էր հոգելոյս Կարօ Գալէնտէրի յիշատակին։
Երէկ երեկոյեան, Գնալըի բարձունքին տեղի ունեցաւ պոլսահայ արդի գրականութեան տիտաններէն, անմոռանալի գիւղագիր Զաւէն Պիպեռեանի ծննդեան 100-ամեայ յոբելեանին ձօնուած ձեռնարկ մը, որ համախմբեց մշակութասէրները։
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպուեցաւ բացօթեայ ընթրիք մը, որ եկաւ բնորոշել «Աւանդական» պարախումբի ամրան շրջանի աշխատանքներու եզրափակիչ փուլը։ Կղզիի զբօսարաններէն մէկուն մէջ կազմակերպուած էր այս ընտանեկան հաւաքոյթը, որու ընթացքին սեղանը օրհնեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Գնալը կղզիի Ջրային մարզաձեւերու ակումբին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընթրիք մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։