ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ մօտ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը երէկ երեկոյեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպեց քաղաքիս մէջ։ Ծանօթ է, որ ամէն տարի 9 մայիսը կը նշուի՝ որպէս Եւրոպայի օր։
Թուրքիոյ մօտ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը երէկ երեկոյեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպեց քաղաքիս մէջ։ Ծանօթ է, որ ամէն տարի 9 մայիսը կը նշուի՝ որպէս Եւրոպայի օր։
Երէկ, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հայերէն թատրոնի փառատօնը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ։ Իր տեսակին մէջ երրորդ այս նախաձեռնութիւնը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Հայկարամ Քարասուն, որուն կ՚ընկերանային յանձնախումբի փոխ-ատենապետը՝ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ այլ վարչայիններ, ինչպէս նաեւ մարզիկներ։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ճատրակի աւանդական մրցաշարքը այս տարի եւս արձանագրեց մեծ յաջողութիւն։
Իր տեսակին մէջ 12-րդ այս նախաձեռնութիւնը փայլուն յաջողութեամբ պսակուեցաւ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ կազմակերպուած՝ երկիրներու ներկայացման օրը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Վարժարանի նախակրթարանի տղաքը կազմակերպած էին այս ձեռնարկը՝ իրենց ուսուցիչներու հսկողութեան ներքեւ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համայնքի արժէքաւոր արուեստագիտուհիներէն Նաթալին Պոզ Եըլմազն ու Նատին Պէրպէրեանը։
Պաքըրգիւղի Տատեան եւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարաններու սանուց միութիւնները շաբաթավերջին վոլէյպոլի փառատօն մը կազմակերպեցին՝ ի նպաստ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։ Մրցումները տեղի ունեցան Սահակեան-Նունեան վարժարանի պարտէզին մէջ:
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որ մագնիսացուց համայնքային շրջանակներու ուշադրութիւնը։ Պէշիկթաշի քաղաքապետարանի առընթեր Ֆուլիայի «Սիւլէյման Սեպա» գեղարուեստասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Ազգային մեծ ժողովէն բազմանդամ պատուիրակութիւն մը շաբաթավերջին այցելեց Պատրիարքարան:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ներկայացուց Աթոռի պատմութիւնը, առաքելութիւնն ու գործունէութիւնը:
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան մտախաղեր, որոնք վեցերորդն էին իրենց նմաններու շարքին։ Գումգաբուի ընտանիքը այս միջվարժարանային մրցաշարքը կազմակերպած էր՝ Թուրք ուղեղի խումբի հետ համագործակցութեամբ։