ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
Երէկ, Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտութեան փառատօն մը, որ ձօնուած էր Կոմիտաս Վարդապետին։ Հաստատութեան հիմնադրութեան 130-ամեայ յոբելեանի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած էր ձեռնարկը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։