ԴՊՐԵՎԱՆՔՑԻՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը շաբաթավերջին շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ բացառիկ խանդավառութիւն ապրեցաւ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Դպրեվանքի ընտանիքի վարիչները յարգանքի այցելութիւն մը տուին Շիշլիի գերեզմանատան Պատրիարքներու բաժանմունքը, ուր խոնարհեցան հաստատութեան նախկին վանահայրերու յիշատակին առջեւ։