ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՈՒԹԵՐՈՐԴ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
2024-2025 կրթական շրջանի աւարտին, Ֆէրիգիւղի ընտանիքին կողմէ կազմակերպուած հանդէսներու շարքը աւարտին հասաւ Մէրամէթճեան վարժարանի 8-րդ դասարանի շրջանաւարտութեան երեկոյթով։
2024-2025 կրթական շրջանի աւարտին, Ֆէրիգիւղի ընտանիքին կողմէ կազմակերպուած հանդէսներու շարքը աւարտին հասաւ Մէրամէթճեան վարժարանի 8-րդ դասարանի շրջանաւարտութեան երեկոյթով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն վերադարձաւ իր Աթոռը։ Դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երկշաբաթեայ ուղեւորութեան աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Թուրք օդային ընկերութեան սաւառնակով վայրէջք կատարեց Իսթանպուլի օդակայանը։

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը վերջին օրերուն համախմբուեցաւ երկու ուրախ հանդէսի առթիւ, թաղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Այդ հանդէսներէն մին Մէրամէթճեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի շրջանաւարտներուն համար էր, իսկ միւսը՝ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջին։
Մխիթարեանի ընտանիքը վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտութեան հանդէսին առթիւ ապրեցաւ բացառիկ ոգեւորութիւն։ Դպրոցի պարզէտին մէջ կազմակերպուած հանդէսը փառաշուք տօնախմբութեան մը համազօր էր՝ քանի զուգադիպեցաւ Մխիթարեանի հիմնադրութեան 200-ամեակի յոբելենական շրջանին։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երկշաբաթեայ ուղեւորութեան վերջին օրը:
Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ Նիւ Եորքի մէջ հիւրընկալուեցաւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդարանէն ներս:
Կը տեղեկանանք, որ մեր համայնքի նուիրեալ կրթական մշակներէն Գարին Աթաօղլու Պողազիչի համալսարանի Կրթական գիտութիւններու ֆաքիւլթէէն ներս պաշտպանած է տոքթորականի թեզ մը։
Դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին դարձեալ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ իշխանութիւններուն ձեռնարկած հակաեկեղեցական արշաւին։
Նորոգ հանգուցեալ ազգային երախտաշատ բարերար, համայնքային փորձառու վարիչ եւ Գարակէօզեան տան խնամակալութեան բազմամեայ ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի կորուստով պայմանաւորուած տխրութիւնը շաբաթավերջին ալ զգալի էր թրքահայ կեանքէն ներս։
Շիշլի մարզակումբը այս տարի եւս կազմակերպեց ամրան ճամբար մը։ Հէյպէլի կղզիի մէջ կեանքի կոչուեցաւ այս քառօրեայ ծրագիրը, որուն մասնակցեցան ակումբի պասքեթպոլի եւ վոլէյպոլի մարզիկները։