ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՎ ՇՐՋԱՊԱՏՈՒԱԾ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս երէկ ձեռնարկեց իր ուղեւորութեան ծրագրի գործադրութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութեան մեկնարկային այս փուլը բնորոշուեցաւ կրթական համակարգի նկատմամբ ուշադրութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան արդէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ է, ուր պիտի մնայ երկու շաբաթ։ Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ հասաւ Լոս Անճելըս, ուր դիմաւորուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի բաժնի շրջանաւարտութեան հանդէսը, որու ընթացքին տղաքը թաղի ընտանիքի խրախուսանքին արժանացան կրթական նոր հանգրուանին ընդառաջ։
Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ոգեկոչեցին բարեյիշատակ բարերար ու երախտաշատ կրթական մշակ հոգելոյս Արամ Գամպուրեանը՝ մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, այս առաւօտ, ժամը 08.00-ին, Իսթանպուլի օդակայանէն ճամբորդեց դէպի Լոս Անճելըս։
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ յարակից «Նազար Շիրիօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական փայլուն ձեռնարկ մը։ Այսպէս, Վարդանանց երգչախումբի երիատասարդաց կազմը հանրութեան ներկայացաւ իսկապէս յաջող համերգով մը, որ բնորոշուեցաւ ունկնդիրներու հնչեցուցած բուռն ծափողջոյններով։
Համայնքային շրջանակները երէկ արցունքներու հեղեղով հրաժեշտ տուին Եշիլգիւղի վարժարանի տնօրէն նորոգ հանգուցեալ Մելիքճան Զամանին։ Այս վերջնոյն անժամանակ կորուստը քանի մը օրէ ի վեր բառին բուն իմաստով սուգի մթնոլորտ յառաջացուցած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։
Երէկ, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի շրջանաւարտներուն տարեվերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ ներս կեցութեան օրերուն պիտի այցելէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) կեդրոնատեղին:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ՝ պոլսահայ լիսէներու 2024-2025 ուսումնական շրջանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ։