Թրքահայ կեանք

ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԸՆԴԱՌԱՋ ՏԻԿՆԱՆՑ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Հայ կաթողիկէ հասարակութեան շրջանակները, Մեծ պահոց շրջանին ընդառաջ, երէկ կէսօրուան ժամերուն մասնակցեցան հաւաքոյթի մը, որ կազմակերպուած էր Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ տիկնանց կազմին նախաձեռնութեամբ։ Կիւմիւշսույուի «CVK Park Bosphorus» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։

ԱՍՊԱՐԷԶՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ ասպարէզներու ծանօթացման ուղղեալ հաւաքոյթ մը։ Դպրոցի միջնակարգի բաժնի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթը երկրորդն էր իր նմաններու շարքին։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԲԱՑԱՌԻԿ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԱՊՐԵՑԱՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻՆ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը։ Դպրոցի տղաքը վերջին քանի մը օրերուն, քանի մը փուլերով Բարեկենդանի ծրագիրը կեանքի կոչեցին՝ ընթացքին անդրադառնալով նաեւ Սրբոց Վարդանանց տօնին։

ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ վերջին երկու օրերուն արտասովոր մթնոլորտ ստեղծուեցաւ՝ Բարեկենդանի տօնակատարութիւններուն առթիւ։

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ երէկ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը։ Այսպէս, Պատրիարքարան հրաւիրուած էին պոլսահայ կրթական համակարգի վարիչները։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ՕՐ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն հանդէս մը տեղի ունեցաւ՝ Համաշխարհային մայրենի լեզուի օրը, որուն հետ ածանցուած էր նաեւ 19 փետրուարի Գիրք նուիրելու օրը։

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԷՍ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի հանդիսութիւն մը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Դպրոցէն ներս տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։

Էջեր