ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆԸ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ

Երէկ, Հոգեգալստեան տօնին, ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի կիզակէտին էին Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ աւանդական արարողութիւնները, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան: Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի Հոգեգալուստը հանդիսաւորութեամբ կը նշուի Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի կ՚ունենան տարեկան անուան տօնախմբութեան արարողութիւնները: 

Երէկ, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մատոյց Ս. Պատարագ, որու ընթացքին իրեն առընթերակայ էին՝ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ Տ. Արմաշ քահանայ Պաղտասարեան: Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան եւ Տ. Գէորգ աւ. քահանայ Չնարեան: Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Շանթ Էսմէրի: 

Արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը: Ս. Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին աղօթքով վերյիշուեցան եկեղեցւոյ բարեյիշատական հիմնադիրները, քարոզիչները, հոգեւոր հովիւները, թաղային խորհուրդի անդամները, սատարողները, բոլոր սպասաւորները: Հուսկ, պատարագիչ Նորին Ամենապատուութիւնը հանդիսաւոր թափօրով առաջնորդուեցաւ տաճարէն դուրս եւ վերջին օրհնութիւնը տուաւ եկեղեցւոյ բակին մէջ, ուր արձակուեցան նաեւ սպիտակ աղաւնիներ՝ ի նշան խաղաղութեան: Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Նարեկեան» սրահէն ներս սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը: Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ կողքին ունենալով հոգեւոր հայրերը: Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեան եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները: Սիրոյ սեղանին մասնակիցները յայտագրի գեղարուեստական բաժնի ընթացքին ունկնդրեցին Էսաեան վարժարանի սաներու ելոյթներուն: Նորին Ամենապատուութիւնը հուսկ բանքին մէջ բարձր գնահատեց Պէյօղլուի ընտանիքին կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը, որու վերջին շրջանի աշխուժացումը ընդհանրապէս դրական ազդեցութիւն կը գործէ նաեւ համայնքային կեանքին վրայ:

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2026