ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը վերջին օրերուն առիթ դարձաւ մեծ ոգեւորութեան։ Թաղի «Աճառեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ներկաներու շարքին էին Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեան, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, դպրոցի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Ալին Եիւճէլ, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Գարին Թոկաչ Չաղլըուզուն եւ այլ հիւրեր։

Տղաքը իրենց ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու՝ մինչ շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկան տնօրէնուհի Գարին Թոկաչ Չաղլըուզուն եւ Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեան։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին հատուեցաւ կարկանդակ մը եւ ընդունելութեան տեւողութեան բոլորը ջերմ վերաբերմունքի արժանացուցին առաջին դասարանը աւարտած փոքրիկները, որոնց մաղթեցին ապագայ յաջողութիւններ։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2026