ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆԸ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի առաջին դասարանի փոքրիկներուն ընթերցման տօնը վերջին օրերուն առիթ դարձաւ մեծ ոգեւորութեան։ Թաղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը, որու ընթացքին տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան երգերով, պարերով եւ արտասանութիւններով։ Ծնողաց միութիւնն ալ այս առթիւ յուշանուէրներ յանձնեց իրենց։

Հանդէսի աւարտին վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ արտասանեց շնորհաւորութեան խօսք մը, որու ընթացքին գնահատեց դասարանի ուսուցիչ-ուսուցչուհիները եւ ապագայ յաջողութիւններ մաղթեց առաջին դասարանի փոքրիկներուն։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2026