ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՒՄԻԹ ԷՕԶՏԱՂԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան ընդունեց «Զաֆէր» կուսակցութեան ղեկավար Իւմիթ Էօզտաղը, որուն կ՚ընկերանային կուսակցական այլ դէմքեր։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան ընդունեց «Զաֆէր» կուսակցութեան ղեկավար Իւմիթ Էօզտաղը, որուն կ՚ընկերանային կուսակցական այլ դէմքեր։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի երեսփոխան Սերքան Պայրամը։ Այս վերջինը Գումգաբու փութացած էր Ս. Ծնունդի տօնին առթիւ շնորհաւորութիւններ յղելու։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ռաֆֆի Գրիգորեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։
Շաբաթավերջին, համայնքային շրջանակները ողջունեցին մեր բեզմամեայ ու երախտաշատ բարերարներէն Լետա եւ Պետրոս Շիրինօղլու ամոլի ամուսնութեան ոսկէ յոբելեանը։ Այս առթիւ Շիրինօղլու ընտանիքը մեծարեց իր բարեկամական շրջանակը, միեւնոյն ժամանակ, ջերմօրէն շրջապատուելով հարազատներուն եւ բարեկամներուն կողմէ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կիրակնօրեայ արարողութեան նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր նշուեցաւ նաեւ իր գահակալութեան վեցերորդ տարեդարձը։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Այս շաբաթավերջը կը զուգադիպի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գահակալութեան 6-րդ տարեդարձին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս առթիւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ գրի առնուած խորհրդածութիւնը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց պոլսահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօնին առթիւ Գումգաբու փութացած էին հիւրերը, որոնք ստացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհակալութեան նամակ մը ստացաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապէն։ Այս վերջինը անցեալ տարի Թուրքիա այցելած էր եւ իր կեցութեան օրերուն հիւրընկալուած՝ Գումգաբուի մէջ։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի վերջին ընտրութեան վիճարկման նախաձեռնութիւնը կ՚ընթանայ տխուր ձեւով:
Ատենապետ Աքսէլ Թոփալեան եւ ընկերները կը մնան անդրդուելի՝ մինչ համայնքային շրջանակները մատնուած են արդար մտահոգութեան:
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի եւ Երեւանի «Ֆակտում» կեդրոնի կողմէ արտադրուած «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմի արձագանգները կը շարունակուին։