ՏԵՍԼԱԿԱՆ ԵՒ ԿԱՄՔ
«Մեր ժամանակներուն, դժբախտաբար, այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ կ՚ապրինք, որ մեր զաւակներուն ձեռքէն կրնայ երթալ համակեցութեան, հաւաքականութեան մը տարրը ըլլալու, զօրակցութեան, իրերօգնութեան եւ գութի զգացումը», յայտարարեց Ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքին։ Ան տեղեկացուց, որ թրքահայ կրթական հաստատութիւններէն ներս, 2026-2027 շրջանէն սկսեալ, հայերէնի եւ կրօնագիտութեան առարկաներու պարագային գործադրութեան պիտի հասցուի նոր ուսումնական ծրագիր մը, որու պատրաստութիւնները նախարարութեան վերահսկողութեան ներքեւ ամիսներէ ի վեր ընթացքի մէջ են։
Շաբաթավերջին, Գումգաբուի մէջ, համայնքային շրջանակները հիւրընկալեցին նախարար Եուսուֆ Թեքինը, որուն ընկերացան Ազգային կրթութեան նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ ԱՔ կուսակցութեան ներկայացուցիչներ։ Եուսուֆ Թեքին այս առթիւ դրական պատգամներ փոխանցեց համայնքային շրջանակներուն՝ ջերմ հիւրընկալութեան պայմաններու ներքեւ։ Նախարարը նախ այցելեց Պատրիարքարան, ուր դահլիճին մէջ ընդունուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի կողմէ։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Տ. Արամ արք. Աթէշեան եւ հոգեւորականաց դասէն անդամներ։ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու, Հանրապետութեան նախագահութեան Մշակոյթի եւ գեղարուեստի քաղաքականութեանց խորհուրդի անդամներէն Արամ Քուրան, Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ այլ համայնքային վարիչներ մասնակցեցան նախարարի այցելութեան։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած զրոյցի աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը յուշանուէր մը յանձնեց նախարարին։ Աւելի վերջ այցելութեան ծրագիրը շարունակուեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի մէջ, ուր համախմբուած էին պոլսահայ կրթական համակարգի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, համայնքային վարժարաններու մատակարար մարմիններու ատենապետները կամ ներկայացուցիչները, հիմնադրի ներկայացուցիչները, տնօրէններ եւ այլ կրթական մշակներ մէկտեղուեցան նախարարին հետ։
Պէզճեան Մայր վարժարանի սրահին մէջ յայտագիրը գործադրուեցաւ բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ՝ մանաւանդ, որ բոլորը մագնիսացած ուշադրութեամբ լսեցին Եուսուֆ Թեքինի ելոյթը։ Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ հիւրընկալ Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիրի։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Ժանէթ Շիրինօղլու։ Աւելի վերջ, ԹՎՄ-ERVAB-ի կրթական յանձնախումբին կողմէ տարուած աշխատանքներուն շուրջ տեղեկութիւններ յանձնուեցան նախարարի նկատառման: Սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց պատգամաւոր Սեւան Սվաճըօղլու:
Հուսկ, արտայայտուեցաւ Եուսուֆ Թեքին, որուն յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ՝ ձեռամբ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի։
Պոլսահայ կրթական համակարգին անունով հնչած ելոյթներուն ժամանակ ընդգծուեցաւ, որ նախարարի այցելութիւնը որքան մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր: Համայնքային դպրոցներու վարիչները նշեցին, որ փոքրամասնութիւններու կրթական հաստատութիւնները կարեւոր բաժին մը ունին՝ Թուրքիոյ կրթական ոլորտի աւանդութիւններուն մէջ: Ներկայիս, թրքահայ վարժարաններու վարիչները միասնական աշխատանք կը տանին, որպէսզի Ազգային կրթութեան նախարարութեան նկատառման յանձնուին իրենց կարիքները: Այս ամբողջին մէջ համայնքային դպրոցներու ներկայացուցիչները անդրադաձան «Թուրքիոյ դար»ու ծիրէն ներս նախատեսուած ուսումնական դրութեան: Արդարեւ, սոյն դրութեան շրջանակներէն ներս թրքահայ վարժարաններու պարագային ուսումնական նոր ծրագիր մըն ալ կը պատրաստուի՝ մասնաւորապէս հայերէնի եւ կրօնագիտութեան առարկաներու պարագային: Համայնքի ներկայացուցիչները ուրախութիւն յայտնեցին այս կապակցութեամբ նախարարութեան հետ ծաւալուած համագործակցութեան համար՝ յոյս յայտնելով, թէ աջակցութիւնը պիտի շարունակուի: Ընդգծուեցաւ, որ արեւմտահայերէնը այսօր միջազգային կառոյցներու կողմէ կը դասուի լրջօրէն վտանգուած լեզուներու շարքին, իսկ թրքահայ վարժարանները կը ձգտին պատրաստել ապագայ երիտասարդներ, որոնք ի վիճակի պիտի ըլլան այդ լեզուն աշխուժօրէն օգտագործելու:
Իր կարգին, Եուսուֆ Թեքին ելոյթին մէջ ըսաւ. «Այս երկրէն ներս պէտք չէ կորսնցնենք ազգ ըլլալու գիտակցութիւնը եւ միասնականութիւնը: Ձեր խնդիրներուն համար միշտ ձեր կողքին պիտի ըլլանք»: Նախարարի արտայայտութիւնը, ըստ էութեան, տեսլականի շարադրում մը եւ կամքի արտայայտութիւն մըն էր: «Փոքրամասնական վարժարաններուն հետ անկեղծ ու արդիւնաւէտ երկխօսութիւն մը կը ծաւալենք: Որպէս սիւննի թուրք մը՝ իմ զաւակներուս համար դպրոցէն ինչ որ կ՚ակնկալեմ, նոյնը կ՚ակնկալեմ նաեւ բոլո՛ր դպրոցներու բոլո՛ր աշակերտներուն համար», աւելցուց ան: Բաց աստի, նախարարը յստակ արտայայտուեցաւ խտրականութեան եւ վանումի դէմ՝ հիմնարար ազատութիւններու նկատմամբ վճռականութեան ամբողջին մէջ անդրադառնալով մայրենիի նշանակութեան:
Ելոյթին ժամանակ Թեքին արտայայտուեցաւ ԱՔ կուսակցութեան իշխանութեան գլուխ գտնուած տարիներուն երկրէն ներս արձանագրուած զարգացումներուն։ Արդարեւ, կուսակցութիւնը միշտ առաջնորդուած է այն սկզբունքով, թէ Թուրքիոյ մէջ որեւէ բան պէտք չէ մնայ անցեալին նման։ Թէեւ այսօր դիտումնաւոր ձեւով ոմանք այդ առաջնահերթութիւնը կը մատուցեն՝ գլխաշորի համար ազատութիւն ապահովելու պատրուակով, սակայն, իրականութիւնը այն է, որ հիմնարար ազատութիւններն ու իրաւունքները դասուած են առաջնահերթութիւն. բան մը, որ հասարակութեան միութիւնը խրախուսած է՝ առանց խտրականութեան։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ունեցած է համապատասխան տեսլական եւ կամք, ինչ որ այսօր երկրի հասարակութեան բոլոր խաւերուն կողմէ կ՚ընդգծուի՝ ներառեալ ալեւիները, ասորիները, հայերը եւ այլն։ Հիմնարար ազատութիւններու ամբողջին մէջ Եուսուֆ Թեքին առանձնապէս ընդգծեց հաւատքի եւ պաշտամունքի ազատութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, մայրենիի օգտագործումը։
Եուսուֆ Թեքին դիտել տուաւ, որ Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը հետեւողականօրէն փոփոխութեան ենթարկած է երկրէն ներս լեզու ուսուցանելու դրութիւնն ու ընդհանուր մոտելը։ Արդարեւ, այլեւս միայն քերականութեան հիմունքով չեն ուսուցուիր լեզուները, որովհետեւ ուսումնական ծրագրերը ենթարկուած են վերատեսութեան։ «Ինծի համար այս դպրոցի աշակերտին խնդիրը ուրիշ դպրոցներու միւս աշակերտներու խնդիրներէն աւելի տարբեր չէ», նշեց նախարարը՝ ընդգծելով, որ ուսումնական դրութեան փոփոխութիւնը հետամուտ եղած է հիմնական երկու նպատակի։ Այսպէս, առաջին նպատակն է՝ աշակերտին միայն գիտութիւն չջամբել, այլ ապահովել, որ այդ գիտութիւնը մարդկային առաքինութիւններու հետ համադրուի եւ ընդհանուր վերաբերմունքի մը վերածուի։ Տուեալ աշակերտի ընդհանուր դիմագծին մէջ պէտք է իւրացուած ըլլան իր հաւաքականութեան արժէքները, ազգային գիտակցութիւնը եւ ան հպարտ պէտք է ըլլայ՝ այս երկրի քաղաքացին ըլլալով։ Ուրեմն, այսօր նման երիտասարդութեան մը հասնիլը դարձած է կէտնպատակ։ Երկրի կրթական բնագաւառի վարիչները առաջնահերթութիւն կը համարեն՝ այսպիսի արժէքներ իւրացուցած սերունդի մը պատրաստութիւնը։
Երկրորդ նիւթը նախարարը մատուցեց՝ թրքահայ վարժարաններէ ներս հայերէնի եւ կրօնագիտութեան առարկաներու պարագային պատրաստուած նոր ուսումնական ծրագրի առանցքին շուրջ: Ան դիտել տուաւ, որ ինչպէս լեզուի ուսուցման, այնպէս ալ կրօնի ուսուցման պարագային Թուրքիոյ մէջ մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են։ Թրքահայ վարժարաններու պարագային հայերէնի եւ կրօնագիտութեան առարկաներու նոր ուսումնական ծրագրի պատրաստութիւնը կատարուած է՝ գիտական չափանիշներու համահունչ: Միջազգային չափանիշներու համապատասխան ձեւով կ՚ուսուցուին Թուրքիոյ մէջ բոլոր օտար լեզուները՝ ներառեալ հայերէնը։
Ելոյթի աւարտին նախարարը արժանացաւ ջերմ ծափահարութիւններու։ Յայտագրի գործադրութենէն վերջ ան շրջապատուեցաւ ներկաներուն կողմէ, որոնց հետ ունեցաւ անմիջական զրոյց։
Նախարարի մեկնումէն յետոյ համայնքային շրջանակներու ներկայացուցիչները եւս Գումգաբուէն հրաժեշտ առին՝ բաւական յուսադրուած եւ լաւատեսութեամբ:
