ԴԷՊԻ ՄԱԼԱԹԻԱ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթավերջին, դէպի Մալաթիա կազմակերպուած ուխտագնացութիւնը դարձաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ուշագրաւ իրադարձութիւններէն մին։ Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին՝ ամէն տարի յուլիսի վերջին շաբաթավերջին ուխտագնացութիւն մը տեղի կ՚ունենայ՝ դէպի Մալաթիա։ Նկատի ունենալով, որ տեղւոյն Ս. Երրորդութիւն անցեալի եկեղեցին վերանորոգուած է եւ այժմ կ՚օգտագործուի թանգարանի կարգավիճակով, այս ուխտագնացութիւնները առիթ կը դառնան պատմութեան վերակենդանացման։ Ս. Երրորդութիւն երբեմնի եկեղեցի, այժմու թանգարանին մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Աւետիս քահանայ Թապաշեանի։ Սա մօտաւոր անցեալին պատահած աւերիչ երկրաշարժէն վերջ մատուցուած առաջին Ս. Պատարագն էր, ուստի, բոլոր ներկաները գօտեպնդուեցան բարոյապէս եւ ունեցան հոգեւոր անբացատրելի ապրումներ։
Ս. Պատարագէն վերջ հաւաքական այցելութիւն մը տրուեցաւ Մալաթիոյ գերեզմանատունը, ուր Ս. Յարութիւն մատրան մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Ուխտագնացութեան ծրագիրը ընդգրկեց նաեւ այցելութիւն մը՝ դէպի երբեմնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Վէնք վանքի մնացորդաց։
Տեղւոյն եւ շրջակայքի հայերուն առընթեր, այս ուխտագնացութեան մասնակցեցան նաեւ Պոլիսէն հաւատացեալներ: Մալաթիոյ Հայոց հայրենակցական միութեան կողմէ համակարգուած էին ուխտագնացութեան կազմակերպչական աշխատանքները։ Ատենապետ Նուպար Օփանի կողմէ գլխաւորուած վարչայիններն ալ ներկայ էին ուխտագնացութեան։
Հուսկ, բոլոր մասնակիցները յագեցած ապրումներով շաբաթավերջ մը անցուցին եւ վերադարձան իրենց առօրեայ կեանքին՝ մաղթելով, որ երկրէն ներս ամէնուրեք տիրէ խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն, ինչ որ բոլոր արժէքներու յարատեւութեան գրաւականն է։