«ԱՐՕՐՆ ՈՒ ՏԱՏՐԱԿԸ» ՆՈՐՈՎԻ
Երէկ, մեներգչուհի Սիպիլի երաժշտութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ եկաւ՝ առանց չափազանցութեան։ Այսպէս, հրապարակուեցաւ Սիպիլի նոր տեսահոլովակը, ուր ան զուգերգ մը կը կատարէ հայ երաժշտութեան հիմնական կերպարին՝ մեծն Կոմիտասի հետ։ Սա իսկապէս ուրոյն նախաձեռնութիւն մըն է, որ աննախընթաց յաջողութեամբ պսակուած է՝ տեսահոլովակի ցուցադրուած առաջին իսկ օրը։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղի կեդրոնատեղիի դահլիճին մէջ, երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Սիպիլի նոր տեսահոլովակին շնորհանդէսը։ ՀԲԸՄ-ի Երեւանի կեդրոնի դահլիճը համախմբած էր հոծ թիւով հետաքրքիրներ եւ գեղարուեստասէրներ՝ այս աննախընթաց ձեռնարկին առթիւ։
Հարկ է նշել, որ Սիպիլի այս նախագիծը աւելի քան վեց տարուան ճգնաժան աշխատանքի մը արդիւնքն է։ Այսպէս, մեծն Կոմիտասի ձայնի հիման վրայ կեանքի կոչուած նախագծի մը մասին է խօսքը։ Կոմիտասի ձայնի առաջին ձայնագրութենէն շուրջ հարիւր տարի անց Սիպիլ առած է այս քայլը, որով վարդապետին ձայնը վերստին կը հասնի ունկնդիրին։ Տեսահոլովակին մէջ Սիպիլի եւ Կոմիտասի ձայները զուգերգով կը մատուցուին, ինչ որ իսկապէս շատ տպաւորիչ ազդեցութիւն կը գործէ։ «Արօրն ու տատրակը» կոչուած տեսահոլովակին շնորհիւ Կոմիտասի պատմական ձայնագրութիւնը եւ ժամանակակից երաժշտական մեկնաբանութիւնը միաւորուած, համատեղուած են։
Սիպիլ այստեղ մէկ կողմէ իսկապէս մեծ բաւարարուածութիւն ապրած է իր կատարողական վարպետութեան տեսակէտէ, իսկ միւս կողմէ ապահոված է իւրայատուկ կապ մը անցեալի եւ ներկայի միջեւ՝ քանի նոր սերունդներուն նորովի հասանելի դարձուցած է Կոմիտասի ձայնը։
Հարկ է նշել, որ այս ծրագրին հովանաւորները եղած են՝ ՀԲԸՄ-նն ու նախկին պոլսահայ, այժմ ամերիկաբնակ մեր ազգայիններէն Հերման Խնդիրեան։
Բացի Սիպիլէն, ծրագրին ներգրաւուած արուեստագէտներն են՝ Վահան Նահապետեան, Հմայեակ Ռոստոմեան, Յասմիկ Մուրատեան-Յարութիւնեան եւ Արտեոմ Աբովեան։