ՄԱՀ՝ ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԻ
Ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր պաշտօնակից «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան։ Այս կորուստը լայն արձագանգ ստեղծած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս՝ հաշուի առնելով, որ աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր ան կը գտնուէր «Մարմարա» օրաթերթի գլուխը։
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ այս տարի եւս ուխտագնացութիւն մը կը կազմակերպուի՝ դէպի Վան։ Հերթական ուխտագնացութիւնը տեղի կ՚ունենայ այս շաբաթավերջին։
Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ քայլ՝ «Թուրքիոյ դարու ուսուցման մոտել»ի ծիրէն ներս:
Համայնքային շրջանակները արդէն լծուած են 2025-2026 շրջանի՝ վարժարաններու պիւտճէի հաւասարակշռման աշխատանքներուն։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս եղանակին եւս առաջին մատաղօրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սամաթիոյ մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գերմանիայէն խումբ մը համալսարանականներ։ Պոննի համալսարանի ուսանողներէն բաղկացած էր խումբը, որու գլուխը կը գտնուէին երեք դասախօսներ՝ փրոֆ. Պերթ Ռէօպըն, փրոֆ. Քրիստիան Հորնունկ եւ տքթ. Մարինա Քիրուտի։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ ճատրակի առասպել Լեւոն Արոնեան այս օրերուն կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Ան վերջին շրջանին իրերայաջորդ մրցաշարքերու կը մասնակցի ու կը նուաճէ նոր գագաթներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Պերճ Զնկըքն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլուն, որուն կ՚ընկերանար նոյն խորհուրդէն Պուրհան Իւլիւթաշ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է յայտնի արուեստագիտուհի Անթա Թորոս (Անթառամ Թորոսեան), որու կորուստը իսկապէս ցաւալի է եւ խոր յուզում յառաջացուցած է գեղարուեստասէր շրջանակներէ ներս։