ԱՆԹՈՆԻՕ ԿՈՒԹԵՐԵՍԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿ

Անգարայի ղեկավարութիւնը որոշած է բարձր պատուի մը արժանացնել ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսը։ Թուրքիոյ կարեւորագոյն մրցանակներէն մին պիտի շնորհուի իրեն։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեղեկացուց, որ «Աթաթիւրք» միջազգային խաղաղութեան մրցանակը այս տարի պիտի տրուի համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին։ 

Այս կարգադրութեան մասին պաշտօնական հրապարակումը զուգադիպեցաւ 29 Հոկտեմբերին։ Հանրապետութեան տօնին օրը, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրի պաշտօնական արարողութեան ընթացքին նախագահ Էրտողան տօնական ելոյթի աւարտին երախտագիտութիւն յայտնեց՝ ամբողջ աշխարհէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղեալ Անթոնիօ Կութերեսի կողմէ գործադրուած ջանքերուն համար։ 

ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի աշխատանքներու բացման փուլին, անցեալ ամիս, Անթոնիօ Կութերես ահազանգ հնչեցուցած էր միջազգային համակարգին շուրջ։ Ան յստակ մատնանշած էր այն մարտահրաւէրները, որոնք կը սպառնան համաշխարհային համակարգին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2025