Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակին, ինչպէս նաեւ Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ծննդեան 80-ամեակին եւ նախագահ ընտրուելուն 35-ամեակին առթիւ, Երեւանի «Էլիթ փլազա» գործարարական կեդրոնին մէջ, հոկտեմբերի 16-ին, տեղի ունեցաւ նշանակալից ձեռնարկ մը, որ համախմբեց քաղաքական, դիւանագիտական, մտաւորական եւ հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանան կը խուսանաւէ Իսրայէլի ճնշումներուն եւ Միացեալ Նահանգներու նախապայմաններուն միջեւ:
Պէյրութին ուղղեալ հակասական անկնկալութիւնները այլեւս սահմանափակուած չեն միայն «Հիզպուլլահ»ի զինաթափումով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Շաբաթ օր մըն էր:
Համբիկը իր մայրիկէն արտօնութիւն առնելէ ետք շտապեց հասնիլ թաղի այգին, ուր ընկերներով ժամադրուած էին խաղալու համար: Երբ այգի հասաւ, միայն Վիգէնը գտաւ այնտեղ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բազմութիւնը սկսաւ ուրախութեամբ զԱստուած օրհնել բարձր ձայնով՝ այն բոլոր հրաշքներուն համար զոր տեսեր էին». (ՂՈՒԿ. ԺԹ 37)։
Այսօր եւս կը պատահին հրաշքներ, թէ՛ անհատակ, թէ՛ հաւաքական կեանքերու մէջ, եւ ալ պիտի պատահին միշտ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պոլսոյ մասին կարծիք կազմելու լաւագոյն միջոցը պոլսահայուն հետ խօսիլն է։ Այս համոզումով պոլսահայ մտաւորականի մը տուի հետեւեալ հարցումը. «Քսան տարի ետք Պոլսոյ հայութեան վիճակը ինչպէ՞ս կը տեսնէք»։ Պատասխանը այնքան ալ լաւատես չէր. «Քսան տարին շատ է։
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը շաբաթավերջին կեդրոնացած էր Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ վրայ, ուր սարքուեցաւ տարեկան սիրոյ սեղանը՝ ի նպաստ թաղի Մէրամէճեան վարժարանի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինքզինք «հաւատացեալ» համարող ամէն մարդու մեծագոյն թշնամին հպարտութիւնն է։ Արդարեւ, Պօղոս առաքեալ կորնթացիներու գրած նամակին մէջ կ՚ըսէ. «… չըլլայ որ ունեցած բացառիկ յայտնութիւններովս հպարտանամ…». (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԲ 7)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մամուլի ու գրականութեան էջերէն մի՛շտ կարդացած ենք Պոլիսի մասին։ Թէ՛ հայ ժողովուրդի քաղաքական եւ թէ գրական ու մշակութային կեանքէն ներս Պոլիսը ունեցած է իր ուրոյն տեղն ու դերը եւ սերունդներ այդ մէկը լաւագոյնս մեծարած են իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ։
Խոր ցաւով վերահասուի եղանք, որ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի այնքան սիրուած դէմքերէն Թալին Տանձիկեան, որ երկար ատենէ ի վեր կը տառապէր ծանր հիւանդութենէ ու կը ծառայէր անկողնոյ։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի վերջին օրերուն հերթական անգամ խօսեցաւ TRIPP նախագծի շուրջ: Անդրադառնալով իր երկրէն ներս առկայ մտահոգութիւններուն՝ ան վստահութիւն յայտնեց, թէ բարեկամ Հայաստանի մէջ գիտեն այդ բոլորը եւ Հայաստան ոչինչ կ՚ընէ Իրանի անվտանգութեան դէմ:
Գիւղատնտեսութեան եւ անտառներու նախարար Իպրահիմ Եումաքլը յայտարարեց, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը նոր թափ ստացած է։
Նախարար Եումաքլը, որ Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ «COP-17»ը համաժողովին, յայտարարեց, որ Անգարա կը փափաքի, որպէսզի Հարաւային Կովկասէ ներս ամրապնդուին խաղաղութիւնը, անդորրութիւնն ու բարեկեցութիւնը։
«Մեր տարածաշրջանը կը փոխուի արագօրէն եւ արմատական ձեւով, կը փոխուի դէպի լաւը՝ տնտեսական, ենթակառուցուածքներու, վստահութեան, հոգեբանական առումով»:
Ըստ նախարար Արարատ Միրզոյեանի՝ Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութիւնը իսկապէս շատ խտացած է եւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացը բաւական հասունցած:
Շաբաթավերջին, Ս. Աւետարանիչներու յիշատակութեան տօնին առթիւ, Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ մատուցեցաւ Ս. Պատարագ՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Բոլոր եղանակներն ալ անցումային են՝ մէկը միւսին կապող օղակներ, բայց աշունը թերեւս ամենէն աւելի ունի անցումի այդ խոր զգացողութիւնը։ Անիկա ամրան վերջին շունչն է եւ ձմրան առաջին նախազգուշացումը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդկային բնաւորութեան ամենէն մտահոգիչ երեւոյթներէն մէկը թերեւս չարիքի գոյութիւնը չէ, այլ այն հանգամանքը, որ մարդը կրնայ չարիք մը գործել՝ առանց պահ մը իսկ կանգ առնելու եւ իր արարքներուն մասին մտածելու։
Ռումանիոյ նախագահ Նիքուշոր Տան յայտարարեց, որ Սեւ ծովու մէջ պէտք է ամրապնդուի ՆԱԹՕ-ի վերահսկողութիւնը։ Նախագահ Տան, որ «Euronews»ին հարցազրոյց մը տուաւ, անդրադարձաւ Պուքրէշի ղեկավարութեան ակնկալութիւններուն՝ Սեւ ծովու առկայ վիճակին շուրջ։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես կենսաբազմազանութեան դէմ սպառնալիք կը համարէ աշխարհի վրայ ստեղծուած առկայ կլիմայի քաոսը:
Պաշարներ եւ հնարաւորութիւններ:
Առաջնորդները յանուն բնութեան:
Երեւանի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովին յստակօրէն արձանագրուեցաւ, որ բնապահպանութիւնը քաղաքական հրամայական մը դարձած է՝ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայուն զարգացման համար:
«COP-17»ի ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի շինիչ պատգամը՝ ուղղեալ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին. «Հարեւաններու պարագային շրջակայ միջավայրի խնդիրները ընդհանուր են»:
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Save Armenia» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ գործադիր տնօրէն տքթ. Փոլ Միւրէյի:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Մալաթիահայոց հայրենակցական միութիւնը ամսավերջին պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 16-րդ տարեդարձը։ Համայնքէն ներս ստեղծուած հայրենակցական միութիւններու շարքին այս մէկը ամենաաշխուժներու շարքին կը դասուի եւ իր բոլորած ճանապարհով արդէն կը համարուի հաստատութենականացած։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Սէրը, ո՜հ սէրը… Մեծ ու լիարժէք շարժիչը ամէն ինչին, անհատականէն մինչեւ հաւաքական, հաւաքականէն մինչեւ տիեզերական:
Ես քեզ կը սիրեմ,
ես ձեզ կը սիրեմ,
բոլորս զիրար կը սիրենք ու պիտի սիրենք…