Արխիւ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Սեւակն ու Վաչէն ուսուցիչի սեղանին մօտ կանգնած կը խօսէին: Անդին, Տրդատը իր գրասեղանին ետին նստած գիրք մը կը թերթատէր: Սեւակը Վաչէին հետ զրուցած ժամանակ չէր նկատած, որ ձեռքին մէջ ճմռթած ու պատռած էր թուաբանութեան ուսուցիչին՝ պարոն Մարտիրոսին մէկ տետրակը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Որպէսզի ժողովուրդը եկեղեցականին հանդէպ սէր ու յարգանք ունենայ, եկեղեցականը ի՛նք պէտք է կեանքի կոչէ բոլոր այն քարոզները, որոնք կը բարձրացնէ Սուրբ Խորանէն. օրինակի համար, կը տեսնենք եկեղեցական մը, որ իր քարոզներուն մէջ Յիսուս Քրիստոսի ներողամտութեան մասին կը բարձրաձայնէ, սակայն, անդին ի՛նք այս կամ այն անձը չի ներեր պատահած այս կամ այն մեղքին համար։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբերի այս օրերուն կ՚արժէ խորհրդածել հայ մշակոյթի վրայ՝ անոնց հետ մանաւանդ, որ տակաւին հայերէն կը կարդան, հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի օտար չեն եւ մտահոգութիւններ ունին հայ լեզուի նկատմամբ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2026

Երէկ, Թրքահայ վաքըֆներու միութիւն (ԹՎՄ-ERVAB) Կրթական յանձնախումբը ժողով մը գումարեց՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2026

Երէկ, հաճոյքն ունեցան խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ վաստակաւոր կրթական մշակ, հայերէնի նուիրեալ ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլուն: Այս վերջինը փութացած էր շնորհաւորելու համար՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի՝ վերջերս նշուած կրկնակ յոբելեանները:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2026

Երէկ, Պալըքլըի Ազգային գերեզմանատան մէջ, մահուան առաջին տարելիցին առթիւ ոգեկոչուեցաւ՝ տիրահայր լուսահոգի Յակոբճան Մաշալեան, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի հայրն էր: Ճիշդ տարի մը առաջ, ողբացեալ Յակոբճան Մաշակեանի կորուստը մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2026

Երէկ, համայնքային շրջանակները համախմբուեցան Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը: Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2026

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երկօրեայ աշխատանքային այցելութեան մը ձեռնարկած է՝ դէպի Լեհաստան։ Այսօր եւ վաղը, ան մասնակցութիւն կը բերէ Վարշաւիայի անվտանգութեան ֆորումին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մեքքէի նորաստեղծ դաշինքը կը մեկնաբանուի՝ որպէս տարածաշրջանային ուժերու նոր առանցք:
Թուրքիա, Փաքիստան եւ Սէուտական Արաբիա կը ջանան ամրապնդել իրենց դիրքերը՝ առանց նոր ճակատի մը մէջ խրուելու:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2026

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Տակաւին շուրջ շաբաթ մը առաջ էր, երբ այր եւ կին Պոլիս էինք: Մի հարցնէ՛ք, ինչո՞ւ… ինչպէ՞ս… խէ՞ր է այս օրերուն.. ուրկէ՜ ուր… հապա՞ Հայաստան պիտի երթայիք…: Միտքս պարզեմ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2026

Սիրելի Տիկին Նատիա Գօչունեան,
Ուրախութեամբ իմացանք Ձեր ծննդեան 75-ամեակի եւ ծառայազարդ լրագրական գործունէութեան 45-ամեակի զոյգ տօնակատարութեանց մասին, որով բնական է հայեացք ձգել անցած ճամբուն վրայ՝ տեսնելու համար ո՛չ միայն ժամանակագրական թիւեր, այլեւ՝ իմաստի խորհրդանշական հանգրուաններ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2026

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Սիրելի՛ տիկին Նատիա,
«Կը շնորհաւորեմ ձեր ծննդեան ու երկարամեայ լրագրողական վաստակի պանծալի ամեակները՝ արեւշատ օրերու սրտագին մաղթանքով» գրելով, եթէ՜ կարենայի ձեզ շնորհաւորել, մէկ շաբաթ առաջ, ձեր բոլոր բարեկամներուն ու հարազատ աշխատակիցներուն պէս, ես ալ ձեզ շնորհաւորած պիտի ըլլայի։ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Կարգ մը ժապաւէններ կը դիտենք եւ երբ անոնց վերջաւորութիւնը հասնի՝ կը զգանք, որ պատմութիւնը աւարտեցաւ։ Իսկ կան ժապաւէններ, որոնց վերջաւորութիւնը իրականութեան մէջ սկիզբ մըն է։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յաճախ որքա՜ն անպէտ եւ վնասակար խօսքեր կ՚արտաբերենք մեր բերաններէն, առանց անոնց հետեւանքը խորհելու։ Արդարեւ, Առակախօսը կ՚ըսէ. «Շատ խօսքերու մէջ յանցանք պակաս չէ. բայց իր շրթունքները զսպողը խելացի է». (ԱՌԱԿ. Ժ 10)։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աւելի առողջ մթնոլորտ մը ունենալու համար պէտք է վերադառնալ արդարութեան եւ հաւասարութեան։ Այդ անհաւասարութիւնը կարելի է տեսնել գրեթէ բոլոր ոլորտներու մէջ. օրինակի համար, կան որոշ միաբաններ, որոնք ունին մէկէ աւելի պաշտօններ եւ մէկէ աւելի պաշտօններ ունենալով ունին շատ աւելի պատասխանատուութիւն եւ, հետեւաբար, հաշուետու են իրենց պարտաւորութիւններուն համար։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2026

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ կաթոլիկ եկեղեցիէն խումբ մը ուխտաւորներ, որոնք այս շրջանին կ՚այցելեն քաղաքս:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2026

Երէկ, Ս. Թարգմանչաց տօնի շաբաթավերջին, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին զուգահեռ՝ տեղի ունեցաւ կրթական մշակներու օրհնութեան կարգ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց եւ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2026

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Եւ եկաւ կեանքը մեզ ալ ապրեցնելով։ Այս է ասացուածքը բոլորիս. ապրիլ ըլլալով, ամենակալ, ամենակերտ ու յաւերժական ձեւով նոյն այս պարզ, պատահական ու ակամայ ըլլալովը, ինչ որ կը փոխանցուի մեզի անժամականութեամբ մը յարահոս:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Գրող, բանաստեղ եւ ուսուցիչ Յովհաննէս Սեթեան (Եոսէյ Վանանթնսեհ) ծնած է 1853 թուականին, Պոլիս, Օթագիւղի մէջ: 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանյահուի վերջին ճակատամարտը կ՚ընթանայ այն հարցումով, թէ Իսրայէլ դէպի ո՞ւր կ՚երթայ։

Էջեր