Արխիւ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2026

«Ատրպէյճանի կարգ մը պաշտօնատարներու խօսոյթը, մեղմ խօսքով, չի նպաստեր խաղաղութեան»:
Նախարար Արարատ Միրզոյեան. «Երեւան իր քաղաքականութիւնը չի ճշդեր Անգարա-Պաքու հակասութիւններու հիմքով»:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2026

Երէկ երեկոյեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ՝ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքի գահակալութեան 35-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական ընթրիքին, որ տեղի ունեցաւ «Հիլթըն» պանդոկին մէջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2026

Երէկ, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան ընդունեց Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Էօզկիւր Տեմիրճին, փոխ-ատենապետ Ալէն Քայաօղլուն եւ տնօրէն Սերքան Քըյըճըն։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2026

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Հնդկաստանը առանցքային կը համարեն ուժանիւթի բնագաւառը:
Մարքօ Ռուպիօ եւ Սուպրահմանիամ Ճայշանքար մանրամասնօրէն արժեւորեցին միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2026

Երէկ, Անգարա-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը, որու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, կազմակերպուած յանցագործութիւններու, մուտքի արտօնութիւններու եւ գաղթի վերաբերեալ խնդիրներու։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2026

Մխիթար Սեբաստացիի ծննդեան 350-ամեակին ձօնուած յոբելենական ճոխ ու բազմակողմանի ծրագիր մը:
Մխիթարեան միաբանութիւնը այս օրերուն խոշորացոյցի տակ կը բերէ իր հիմնադիր աբբահօր ժամանակաշրջանի եկեղեցական, քաղաքական եւ պատմական միջավայրը:
Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին պատգամը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2026

Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Թրիէսթէի թեմէն հոգեւորականներու խումբ մը այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց քրիստոնէական համայնքներու միջեւ փոխադարձ ճանաչման խորացումը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2026

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

21 հոկտեմբերին, արեւմտահայ քերթողութեան ռահվիրաներէն, կնոջ զգացումներով ու անոր իրաւունքներով բաբախուն բանաստեղծ սիրտի ամենէն կարկառուն ներկայացուցիչներէն՝ Սիպիլի (Զապէլ Խանճեան՝ աղջկութեան մականունով, 21 հոկտեմբեր 1863 - Պոլիս, 19 յուլիս 1934) ծննդեան օրը, կը զուգադիպի Թարգմանչաց տօնական օրերուն:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2026

ՄՈՒՀԱՄՄԷՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հայրենիք վերադառնալուս պէս, օդակայանէն ներս սեւցաւը (cholera) ընդունեց զիս, իսկ տունը՝ կինս: Անմիջապէս կնոջմէս ու դրացիներէս՝ որոնք ողջունելու եկած էին զիս՝ մուճակներով եւ հողաթափերով, սկսան հարցումներ տեղալ վրաս.

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Որդեգրել» կը նշանակէ՝ ուրիշին զաւակը՝ կամ լքուած որբ մը օրինաւոր կերպով քովը առնել, խնամել, հոգալ եւ մեծցնել, հասցնել։ Ուրիշ խօսքով՝ առանց արենակցութեան, մէկը «զաւակ» ընդունիլ է որդեգրութիւնը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2026

ԳՐԻԳՈՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չարին՝ Սատանային դէմ մեր զէնքը՝ Աստուծոյ սիրոյն մէջ հանգչի՛լն է։ Պետրոս առաքեալ կը զգուշացնէ. «Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին՝ Սատանան առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդ արարածն ու անասունը տարբերող հիմնական կէտերէն մէկն ալ հետեւեալն է. անասունը որպէս վերջնական նպատակակէտ կ՚ունենայ իր գոյութիւնը ապահովել։ Ո՛չ մէկ աւելորդաբանութիւն, սակայն, մարդու պարագան տարբեր է։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2026

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունի։ Մենհեթթընի իր բնակարանէն ներս, իր անշունչ մարմինը յայտնաբերուած է եւ տակաւին մահուան պատճառները յայտնի չեն։ Նկատի ունենալով, որ ան ամբողջ հայաշխարհէն ներս համատարած յարգանքի եւ համակրանքի արժանացած արուեստագէտ մըն էր՝ բօթը կայծակնային արագութեամբ տարածուած եւ խոր ցաւ յառաջացուցած է համայն հայաշխարհէն ներս։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2026

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Պրիւքսէլ, ուր յառաջիկայ նոյեմբերի 3-ին պիտի մասնակցի՝ Եւրոմիութեան ընդլայնման ձօնուած գագաթաժողովին:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2026

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ հեռանկարային կը համարուի Իրանի հետ համագործակցութիւնը՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափերով խորհրդատուական հարթակի աշխատանքը յառաջ մղելու ողղութեամբ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2026

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն շրջագայութեան մը ձեռնարկած է՝ դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ։ Մաքրոնի ուղեւորութեան առաջին կանգառը հանդիսացաւ Քուէյթը, ուրկէ ան ծրագիրը կը շարունակէ՝ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Պահրէյն եւ Քաթար:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2026

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

ՄԱԿ-ի կենսաբանական բազմազանութեան համաժողովի բացման հիասքա՜նչ արարողութիւնն ու ընթացող միջոցառումները առիթ եղան ու դեռ ե՛ն, տեսնելու, թէ ինչպիսի՛ պետութիւն ենք մենք, հաստատեցին ընկերային բոլոր հարթակներու էջերուն վրայ տեղադրուած մեկնաբանութիւնները:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2026

Երեւանի մէջ կ՚ընթանայ՝ ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան մասին պայմանագրի ստորագրադիր երկիրներու 17-րդ համաժողովը (COP-17): Այս համաժողովի շրջանակներէն ներս բազմակողմանի աշխատանք կը տարուի՝ համաշխարհային օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերուն շուրջ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2026

Երէկ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի՝ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւանց եւ աշխատանքի հարցերով տեղակալ Ռայլի Պառնս եւ Իսրայէլի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Պրայն Պըրչ այցելեցին Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2026

«Յանկարծ» թատերախումբը Իսթանպուլի մշակութային կեանքէն ներս հետզհետէ կ՚ամրապնդէ իր դիրքը՝ մանաւանդ, որ վերջին տարիներուն յարատեւ վերելք կ՚արձանագրէ։ Երէկ երեկոյեան, «Յանկարծ» թատերախումբը հանդէս եկաւ՝ Մուամմէր-Քարաճա թատրոնի գլխաւոր բեմին վրայ։

Էջեր