ԴԱՐԱԿԱԶՄԻԿ ՔԱՅԼ

Թուրքիա Անգլիոյ հետ համաձայնութեան հասաւ՝ քսան Eurofighter ռազմաօդանաւ ձեռք բերելու համար։ Անգլիոյ մէջ արտադրուելով Թուրքիա պիտի ուղարկուին այդ ռազմաօդանաւերը, որոնք 2029-2030 թուականներուն պիտի յանձնուին։ Թրքական կողմի պահանջի պարագային յաջորդող շրջանին եւս քսան Eurofighter պիտի յանձնուի։ Անգարա-Լոնտոն առանցքին վրայ այս իրադարձութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ կը դնէ համագործակցութիւնը։

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ անոնց հանդիպումը։ Առանձնազրոյցէն վերջ Էրտողան եւ Սթարմըր գլխաւորեցին բանակցութիւնները եւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ ստորագրեցին Eurofighterներու վերաբերեալ համաձայնագիրը։ Քիր Սթարմըր այս փուլին նշեց, որ կողմերը շատ կարեւոր քայլ մը առած են եւ սա անկիւնադարձ մըն է համագործակցութեան խորացման ճանապարհին։

Պաշտպանական համագործակցութեան օրակարգով այս օրերուն Անգարա իրերայաջորդ բարձրաստիճան հիւրեր կ՚ընդունի։ Սթարմըրի երէկուան այցէն վերջ, նախագահ Էրտողան այսօր կ՚ընդունի Քաթարի էմիր Թամիմ պին Համիտ ալ Սանին։ Վաղն ալ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց շփումներ պիտի ունենայ Անգարայի մէջ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2025