Արխիւ
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Վերջին շաբաթներուն մասնագէտներ եւ մտաւորականներ սկսած են աւելի յաճախ խօսիլ արհեստական բանականութեան (ԱԲ) վտանգներուն մասին, եթէ այս թափով շարունակուի անոր զարգացումը: «Փոլիթիքօ», «Ճափան Թուտէյ», «Էյ.Պի.Սի.» կայքերը այս մասին յօդուածներ հրապարակած են:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Գրող Զարուհի Սէֆէրեան-Գալէմքէրեան, Եւտերպէ, ծնած է 1871 թուականի յուլիսի 18-ին, Գատգիւղ, Պոլիս: Զարմուհին է Եղիա Տէմիրճիպաշեանի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ միջնադարու աստուածաբանական մտքի սիւներէն մին է Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի (1346-1410)։ Անոր մատենագրական վաստակը յատկապէս կը ներկայացուի հանրագիտարանային բազմակողմանիութեամբ եւ գիտական խորութեամբ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւանի կայարաններէն մէկուն մէջ կը հանդիպինք երիտասարդի մը, որ տարիներ առաջ, Հալէպի մէջ աւարտած էր հայագիտականը ու իր աւարտաճառը ներկայացնելով՝ արժանացած էր հայագէտի կոչումին։ Կը հաւատանք, որ շատեր պարտին այս մէկը գնահատելի գտնել, որովհետեւ համաշխարհայնացման այս պայմաններուն մէջ՝ երբ բազմաթի՜ւ ոլորտներ «փայլուն ապագայ» կը խոստանան, հայագիտականով հետաքրքրուած եւ հետաքրքրութենէն անդին այդ մէկը որպէս կեանքի ասպարէզ ընտրած երիտասարդներ տեսնելը հպարտացնող երեւոյթ է միանշանակ, սակայն, այդ հպարտութիւնը մեր անտարբերութեան դիմաց կրնայ երկար չտեւել։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, որոնց կ՚ընկերանար հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն քահանայ Օհանեան։
ՆԱՐԵԿ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Խորանաշատ անունը առաջին անգամ լսած էի երանաշնորհ Մեսրոպ Սրբազանի (1956-2019) եւ 90-ականներուն, Հայաստանի անկախացումէն ետք տարբեր առիթներով Պոլիս այցելող, ականաւոր հայագէտ փրոֆ. Պարոյր Մուրադեանի (1933-2011) զրոյցներուն ընթացքին։
Տ. Արամ արք. Աթէշեան վերջին օրերուն այցելեց Յունաստանի հիւսիսային շրջանները: Ան հիւրընկալուեցաւ հայր ու որդի Խաչատուր եւ Արի Չոլաքներուն կողմէ։ Նորին Սրբազնութեան քառօրեայ շրջագայութեան ծրագիրը, ըստ էութեան, Թեսաղոնիկէի շրջանին մէջ ընթացաւ:
Հաքան Ֆիտան տեսակցեցաւ Սերկէյ Լաւրովի հետ: Իլհամ Ալիեւ ընդունեց Իսհաք Հերցոքը:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես Երեւանի մէջ յոյս յայտնեց, թէ Պաքուի մէջ պահուած հայ գերիներու եւ պատանդներու վերադարձի հարցը կը լուծուի:
Ըստ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքայեւի՝ Հայաստան-Ատրպէյճան մերձեցումը նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ Արեւելք-Արեւմուտք կապերուն տեսակէտէ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հայկական օրացոյցի էջին վրայ, այս շաբաթ արձանագրուած է «Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետացն»: Ուստի տօն է: Թարգմանիչներու նուիրուած տօն: Մեծ եւ նշանակալի:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Բայց, երբ իր սեփական մարմինը կը սկսի փոխուիլ, անոր աշխարհը կը փոխուի։ Յանկարծ ան կը յայտնուի այն կողմը, որուն նախապէս կը նայէր վերեւէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մշակոյթները ազգային իրենց ուրոյն դրոշմը ունին, սակայն գիրը, լեզուն եւ արուեստը, որոնք իւրաքանչիւր անհատի եւ ազգի պարագային այդ տարբերութիւնները կը ճշդեն, արտայայտութեան կերպեր են միայն։ Արժէքը՝ գիրին ետեւ եղող անգրելի հոգի՛ն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայրենասիրական զգացումներով տարուած 1918 թուականին գրեթէ բոլորը կ՚երազէին ունենալ անկախ ու միացեալ Հայաստան եւ պատմական իրադարձութիւնները առիթ կու տային այդ երազը իրականութիւն դարձնելու։ Խնդիրը անկախութիւն յայտարարելը չէր. շատ աւելի բարդ խնդիր մըն էր այդ անկախութիւնը պահելը։
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Զուիցերիոյ փոխ-նախագահ ու արտաքին գործոց նախարար Իկնացիօ Քասիս, որ ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Հարաւային Կովկաս, այս առաւօտ ժամանեց Երեւան։ Իկանցիօ Քասիսի ուղեւորութեան ծրագիրը կ՚ընդգրկէ Երեւանն ու Թիֆլիզը։
Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 35-ամեակին առթիւ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուեցաւ յոբելենական պաշտօնական ընդունելութիւն մը:
Հաւաքոյթը խորհրդանշական նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը: Նաիրի Պետրոսեանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած երեկոյթի ներկաներու շարքին էին արտաքին գործոց փոխ-նախարար Պերրիս Էքինճի եւ ՍԾՏՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լազար Քոմանեսքու:
Երկու երկիրներու քայլերգները հնչեցին՝ ազդարարելով բարիդրացիական համագործակցութեան նոր հորիզոնները, որոնք նոր տեսլական մը կը բերեն տարածաշրջանի ապագային, ուր խաղաղութիւնը կը դառնայ հաստատութենական:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր եւ համայնքային շրջանակներուն առընթեր, մասնակիցներու կարգին էր նաեւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայկական միջնադարեան գիտական ժառանգութիւնը հարստացաւ բացառիկ ու նշանակալից հրատարակութեամբ մը: «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի հրատարակչութիւնը, աջակցութեամբ «Թովմասեան» հիմնադրամի (որ նշեց իր հիմնադրման 25-ամեայ յոբելեանը) եւ Զարիկ Պօղօսեանի նուիրատուութեամբ, լոյս ընծայեց ԺԲ. դարու հռչակաւոր բժիշկ եւ բնագէտ, բժշկապետ Մխիթար Հերացիի «Ջերմանց մխիթարութիւն» կոթողային երկի քննական բնագիրն ու արդի հայերէն թարգմանութիւնը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հոկտեմբեր ամիս է ու թարգմանիչներու տօն: Թարգմանչաց տօն է. կը յիշեցնէ մեզի մեր պատի օրացոյցը։
Ի՞նչ անուն կրնամ տալ այս անկեղծութեան: Չեմ գիտեր: Շուրջս եւ մթնոլորտս յանկարծ կը լեցուին հին ու նոր գաղափարներով, յուշերով, դէմքերով եւ դէպքերով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ներկայիս հայկական քաղաքական իրականութիւնը կը ներկայացնէ լաբիւրինթոս մը, ուր ո՛չ աջը յայտնի է եւ ո՛չ ալ ձախը: Այս խառնափնթորին մէջ, սակայն, կայ քիչ մը ցցուն գիծ մը, որ յատկանշուած է «դէպի Արեւմուտք» կարգախօսով, չըսելու համար մոլուցքով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ծերութիւնը՝ սարսափելի դժուարութիւններու սառոյցի մէջ՝ սառած, ցուրտ կրակ մըն է», կ՚սըէ Կէօթէ իր գլուխ գործոց «Ֆաուստ»ի մէջ։ Ուստի, ծերերը հասկնալու, ծերութեան մասին գաղափար մը կազմելու համար պէտք է ծերանալ, ծերութիւնը ապրիլ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակ մը պատմութեան կարեւորագոյն էջերը գրաւած, սակայն, այսօր ոչնչացած բոլոր պետութիւնները միշտ չէ, որ եղած են արտաքին թշնամիներու կամ քաղաքական պարտութեան զոհը։