ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
 Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Փարիզի մէջ ընդունուեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոյի եւ Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի կողմէ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Փարիզի մէջ ընդունուեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոյի եւ Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի կողմէ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան-Պարրօ զրոյցի ընթացքին վերահաստատուեցաւ Ֆրանսայի աջակցութիւնը՝ ի նպաստ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ Ատրպէյճանի հետ հաշտութեան գործընթացի։ Զրոյցի ընթացքին նախարարները քննարկեցին Երեւան-Փարիզ ռազմավարական գործընկերութեան պաշտօնապէս հռչակման համար կնքուիլը նախատեսուած փաստաթուղթին շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ աչքէ անցնըուեցան բազմաթիւ ոլորտներ եւ առանձնայատուկ շեշտ դրուեցաւ Եւրոմիութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման վրայ։ Պարրօ արտայայտեց Փարիզի շարունակական յանձնառութիւնը՝ Երեւանի ինքնիշխանութեան, կայունութեան եւ ժողովրդավարութեան համար։ Ան վերահաստատեց Ֆրանսայի լիակատար աջակցութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման։ Ֆրանսական կողմը կը խրախուսէ նաեւ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովի ժամանակ Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւններու կեանքի կոչուիլը։
Նախարարները արձանագրեցին, որ տարածաշրջանային կապերու զարգացումը եւ սահմաններու բացումը՝ պետութիւններու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը յարգելով, թոյլ կու տան Հարաւային Կովկասը դարձնել խաղաղութեան ու բարգաւաճման գօտի մը՝ ի շահ բոլոր ժողովուրդներուն։ Ողջունելի նկատուեցան այս ուղղութեամբ վերջերս ձեռնարկուած քայլերը։
Երէկուան զրոյցը առիթ դարձաւ Երեւան-Փարիզ համագործակցութեան ամբողջ օրակարգի քննարկման։ Անուշադրութեան չմատնուեցան նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները։ Կարծիքներ փոխանակուեցան ռազմավարական բնոյթով յարաբերութիւններու խորացման ուղղեալ ձեռնարկուած աշխատանքներուն շուրջ։
Լիւքսեմպուրկեան պալատին մէջ Միրզոյեան Լարշէի հետ ալ զրուցեց Երեւան-Փարիզ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման հեռանկարներուն շուրջ։ Անոնք անդրադարձան նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն։