Արխիւ
Երէկ, երեկոյեան «Պոլիս լուսատու» լուսանկարիչներու խմբակի ցուցահանդէսը բացուեցաւ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ։
«Խորապէս մտահոգիչ է, որ ապօրինութեան հարթակի կը վերածուի նաեւ Ազգային ժողովը, որու բարձր ամպիոնը կը ծառայեցուի հակաեկեղեցական տրամադրութիւններու սերմանման, եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու դէմ ատելութեան, անհիմն մեղադրանքներու եւ վիրաւորանքներու տարածման համար»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խորհրդարանական մեծամասնութենէն կը պահանջէ՝ հրաժարիլ իշխանական դիրքի չարաշահումէ։ Արդարացում չունին եկեղեցւոյ վրայ քաղաքական վերահսկողութիւն սահմանելու փորձերը:
Երէկ, ԱՊՀ-ի գագաթաժողովը տեղի ունեցաւ Թիւրքմենպաշըի մէջ, Թիւրքմենիստանի տանտիրութեամբ։ Գագաթաժողովի աւարտին եզրափակիչ յայտարարութիւն մը ընդունուեցաւ՝ ԱՊՀ-ի հիմնադրութեան 35-ամեայ յոբելեանին առթիւ։
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ունեցան հեռախօսազրոյց մը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անցնինք ներքին կեանքին։ Կը հաւատանք, որ եկեղեցին՝ որ կը խօսի Աստուծոյ արդար դատաստանին մասին, պարտաւոր է արդարութեամբ առաջնորդուիլ եւ պէտք է ընդունիլ, որ մեր եկեղեցւոյ յարկին տակ արդարութիւնը՝ նոյնիսկ ամենէն մեծ եկեղեցականի մօտ գրեթէ գոյութիւն չունի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հռչակաւոր լեհ բանասէր Ulrich von Williamowitz-Moellendorff (1848-1931) կ՚ըսէ, թէ իրական թարգմանութիւնը՝ հոգեփոխութի՛ւն մըն է։ Եւ ճիշդ այս պատճառով՝ Աստուածաշունչ մատեանի Սրբոց Թարգմանչաց կողմէ կատարուած թարգմանութիւնը «Թարգմանութիւններու թագուհի»ն է, քանի որ ան կատարեալ հոգեփոխութիւն մըն է, այսինքն բնագիրին կատարեալ եւ անսխալ փոխանցումն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ ծերեր եւ ակա՛նջ տուէք, ո՛վ երկրի բոլոր բնակիչներ, միթէ այսպիսի բան եղա՞ծ է ձեր օրերուն մէջ, կամ ձեր հայրերուն օրերուն մէջ։ Ասիկա ձեր որդիներուն պատմեցէ՛ք եւ ձեր որդիները իրենց որդիներուն եւ անոնց որդիները յետագայ ազգին թող պատմեն». (ՅՈՎԷԼ. Ա 2-3)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ հարց կու տանք, թէ աղանդաւորական շարժումները ինչպէ՞ս կը յաջողին մարդ որսալ։ Այս հարցումին որպէս պատասխան յաճախ նիւթականն ու սեփական շահը կը տեսնենք, սակայն, իրականութեան մէջ, կան այլ պատճառներ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Եթովպիոյ Ուղղափառ եկեղեցիէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Պատրիարքարան այցելեցին Միքայէլ եւ Կեպրեմարիամ վարդապետները, որոնց ընկերացան Քիւտուս Սերթսու սարկաւագը եւ եթովպական համայնքի գործիչներէն Էլիզապէթ Թատեսսէ։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս յատկանշական յոբելեան եւ արդար մեծարանք:
Ս. Ներսէս ընծայարանի Արմոնքի համալիրէն ներս փառաշուք տօնակատարութիւն: Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի տեսլականը զինքը բարձրացուց պատուանդանի վրայ՝ բոլորի գնահատանքի եւ անկեղծ ծափահարութիւններու մթնոլորտին մէջ:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ուխտաւորներու խումբ մը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Վեհափառ Հայրապետը դրուատեց Հայաստանը ճանչնալու ձգտումը՝ երկրի սրբութիւններուն հաղորդ դառնալով հանդերձ:
Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասէն Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ միջոցէ մը ի վեր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը գտնուէր, արդէն հրաժեշտ առած է՝ վերադառնալու համար քաղաքս։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Ֆրանսայէն հիւրերու բազմանդամ խումբ մը։ Այցելուները ֆրանսական «Փոփիւլէր» դրամատան ղեկավարութեան դէմքերէն կը բաղկանային։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր Տ. Նաթան քհնյ. Արապեան։
2026 թուականի Նոպէլի գրական մրցանակը շնորհուեցաւ՝ Գանատայէն բանաստեղծուհի Էնն Քարսընին։ 76-ամեայ գրողը յառաջիկայ դեկտեմբերի 10-ին նախատեսուած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին պիտի ստանայ այս հեղինակաւոր պարգեւը։
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս, ինքնաբերաբար օրակարգի վրայ կու գան հաղորդակցութեան եւ բեռնափոխադրումներու բնագաւառներուն վերաբերեալ հեռանկարները։
Երէկ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն Էլիզէի պալատէն ներս հիւրընկալեց Գերմանիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրը, որ պետական այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան հանդիպում մը ունեցան Թիւրքմենպաշըի մէջ, ուր տեղի կ՚ունենայ ԱՊՀ-ի գագաթաժողովը՝ Թիւրքմենիստանի հիւրընկալմամբ։
Թուրքիա չափազանց մտահոգուած է Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի առկայ ահագնացումով:
Անգարա մշտապէս կապի մէջ է Մոսկուայի եւ Քիւեի հետ, որպէսզի Սեւ ծովու կացութիւնը ա՛լ աւելի չվատթարանայ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մեր բնազդային վերաբերմունքը՝ ձանձրոյթին ընդհանրապէս ժխտական է։ Հազիւ կը զգանք, որ ժամանակը դանդաղ կ՚անցնի եւ մեր շուրջը ոչինչ տեղի կ՚ունենայ, անմիջապէս կը փնտռենք այդ դատարկութիւնը լեցնելու միջոց մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներս յառաջիկայ նոյեմբերին նախատեսուած մասնակի ընտրութիւններուն ընդառաջ:
Հուսիները կիզակէտին յայտնուած:
Իրանը ծունկի բերելու ուղղեալ ռազմավարական հաշուարկները կը բախին շարքային ամերիկացիի գրպանին վրայ առկայ ազդեցութեան: