ՆՈՐ ՎԻՃԱԿ, ՆՈՐ ՈՒՂԻ
 Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութեամբ Փարիզի մէջ է, ուր երէկ երեկոյեան, Էլիզէի պալատին մէջ մասնակցեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի տանտիրութեամբ կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքին։ Մաքրոն այս ընթրիքով մեծարեց Փարիզի Խաղաղութեան 8-րդ ֆորումին մասնակից ղեկավարները, որոնց շարքին է Փաշինեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Նիկոլ Փաշինեան ֆորումի ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն։ Իր խօսքով՝ յոյս կայ, որպէսզի Անգարա-Երեւան կարգաւորման գործընթացէն ներս ապագային դրական զարգացումներ տեղի ունենան։
Ան ֆորումի մասնակիցներու նկատառման յանձնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութիւնը պատմական փոփոխութիւն մըն է ո՛չ միային երկկողմանի յարաբերութիւններու տեսակէտէ, այլեւ ընդհանրապէս տարածաշրջանին համար։ Բաց աստի, Փաշինեան խօսեցաւ TRIPP նախագծին շուրջ՝ կարեւորելով անոր իրականացումը թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պաքուի տեսակէտէ։ Վարչապետը շարունակեց.
«Տարածաշրջանային կապուածութիւնը կը նշանակէ, որ մենք հնարաւորութիւն կ՚ունենանք, ես նկատի ունիմ թէ՛ Հայաստանը եւ թէ Ատրպէյճանը, օգտուիլ իրարու տարածքէն ներքին, երկկողմանի եւ միջազգային կապի համար։ Սա կը նշանակէ, որ մեր տարածքով պիտի բացուի նոր ուղի մը միջազգային փոխադրութեան համար։ Հաշուի առնելով, որ այժմ աշխարհ կ՚ապրի մատակարարման շղթայի տագնապ մը՝ սա իսկապէս կրնայ իրավիճակ փոխելու ի զօրու հանգամանք մը ըլլալ միջազգային առեւտուրի, նաեւ մեր տարածաշրջանին համար»։
Փաշինեան աւելցուց, որ բաց հաղորդուղիներ պիտի ըլլան Պարսից ծոցէն, Օմանի ծոցէն դէպի Սեւ ծով, կ՚ըլլայ նոր կապ մը Կասպից ծովու եւ Միջերկրականի միջեւ, Հայաստանի համար կը ստեղծուին նոր հնարաւորութիւններ։