ԿՇԻՌՔԻ ՎՐԱՅ ԿԷՏԵՐ
 Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատումը շրջադարձային իրադարձութիւն մըն է։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատումը շրջադարձային իրադարձութիւն մըն է։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս, մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին ժամանակ, 2026 թուականի պետական պիւտճէի քննարկման ընթացքին ան դիտել տուաւ, որ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Ուաշինկթընի տանտիրութեամբ նախաստորագրուած Երեւան-Պաքու խաղաղութեան համաձայնագիրը կ՚ամրագրէ իրարու ներքին գործերուն չմիջամտելու, սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ տարածաշրջանէ ներս համագործակցութեան սկզբունքները։ Իր խօսքով՝ Հայաստան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ խտացեալ շփման մէջ են TRIPP նախագիծը կեանքի կոչելու համար։ Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ ընկերութեան հիմնադրման թեքնիք մանրամասնութիւնները պիտի յստակացուին։ Ինչպէս որ ալ ըլլան այդ թեքնիք լուծումները, ապա ամբողջը պիտի ըլլայ համաձայնեցուած եւ ստորագրուած սկզբունքներու համապատասխան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւազօրութեան շրջանակներէն ներս։ Նախարարը համոզուած է, թէ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման համատեսքին մէջ Երասխ-Սադարակ երկաթուղային հատուածը եւս պէտք է ապաշրջափակուի։ Մասնաւորապէս TRIPP-ի վերաբերեալ քննարկումներուն անդրադառնալով՝ Արարատ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ Իրանի դժգոհութիւններու վերաբերեալ պնդումները շահարկումներ են ու չեն համապատասխաներ իրականութեան։
Երեսփոխաններու հետ հանդիպման ընթացքին Միրզոյեան ներկայացուց, նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու վերադարձի վերաբերեալ իր տեսլականը։
«Ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով մեր ինքնիշխան տարածքի շուրջ 200 քառակուսի քիլօմեթրը կը գտնուի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան ներքեւ։ Գաղտնիք չէ նաեւ, որ կան թուղթով ճանչցուած, միջազգային սահմաններու առումով Ատրպէյճանին պատկանող տարածքներ, որոնք այսօր կը գտնուին մեր զինեալ ուժերու հսկողութեան ներքեւ։ Մենք ունինք ընկալում, պայմանաւորուածութիւն, խօսած ենք, ըսած ենք, որ այս տարածքներու օրինական տէրերու վերադարձի գործընթացը պէտք է տեղի ունենայ արդէն սկսած սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացի արդիւնքին», ըսաւ ան։
Միեւնոյն ժամանակ, Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Երեւան պատրաստ է օր առաջ Պաքուի հետ խորհրդակցութիւններու ձեռնարկել՝ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման վայրի ու ժամկէտներու շուրջ։ Յամենայնդէպս, Հայաստան չ՚ընդունիր ստորագրման համար Ատրպէյճանի յառաջ քշած նախապայմանները։ Արդարեւ, հայկական կողմը զանոնք չի համարեր քննարկելի օրակարգ մը։
Անդրադառնալով յառաջիկայ տարի ակնկալուած կարեւոր իրադարձութիւններուն՝ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան հրաւէր ուղղած է Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին՝ Երեւանի մէջ նախատեսուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթաժողովին համար։
Արարատ Միրզոյեան խօսեցաւ նաեւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններուն շուրջ։ Այսպէս, իր կանխատեսումներով՝ Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութիւնը յառաջիկային շատ շօշափելի արդիւնքներ պիտի ունենայ։ Նախարարին խօսքով՝ շատ խտացեալ երկխօսութիւն մը գոյութիւն ունի եւ այդ մէկը իրեն մեծ լաւատեսութիւն կ՚առթէ շատ շօշափելի արդիւնքներու առումով։ Առանց մանրամասնութիւններ տալու՝ ան աւելցուց, որ նկատի ունի այնքան շօշափելի արդիւնք, ուր ոեւէ մէկուն մօտ կասկած չի մնար, թէ իրենք այդ իսկ շօշափելին նկատի ունին։